Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պեն Քարտին շեշտած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած յարձակման եւ էթնիք զտման փաստը՝ ընդգծելով, որ փախստականներու առումով պէտք է ըլլայ հաշուետուողականութիւն: Ան նման դիրքորոշում յայտնած է Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս կայացած ասուլիսին:
«Մենք կը հասկնանք, որ այս պահուն ձեր ամենամեծ մարտահրաւէրը հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններն են: Մենք կ՚աջակցինք այդ համաձայնութեան կայացման: Մենք կը հասկնանք, որ կան խոչընդոտներ, մենք կը հասկնանք, որ Ռուսիան բարեկամ չէ Ատրպէյճանի հետ համաձայնութեան գալու հարցով: Մենք կը հասկնանք միւս այն խնդիրները, որոնց հետ պէտք է գործ ունենալ»,-ըսած է Քարտին:
Ծերակուտականը աւելցուցած է, որ տեղւոյն մէջ կը տեսնեն այն անվտանգային մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են Հայաստանի առջեւ:
«Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարձակման եւ էթնիք զտման հետ կապուած՝ մենք կը հասկնանք, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն անհրաժեշտ է, բայց պէտք է ըլլայ նաեւ հաշուետուողականութիւն՝ փախստականներու առումով, պէտք է ըլլայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը»,–ըսած է ծերակուտականը:
Ան վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակեն այս հարցերը, խնդիրները ուշադրութեան կեդրոնը պահել: