Հայ գրականութեան ինքնատիպ անուններէն է արձակագիր, թարգմանիչ, Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, «Եղիշէ Չարենց» գրականւթեան եւ արուեստի թանգարանի նախկին տնօրէններէն՝ Ստեփան Ալաճաճեան:
Ան ծնած է 1924 թուականին՝ Հալէպի մէջ, իսկ յետոյ ապրած՝ Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ ան մահացած է:
Զինք իրաւամբ կը կոչեն «հայրենադարձ սերունդի պատմագիր», եւ այդ բնորոշումը պատահական չէ:
1946 թուականին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն հայրենադարձուելով Հայաստան, ուսում ստանալով Երեւան, ապա՝ Մոսկուա եւ վարելով գրականութեան, հրատարակչութեան ասպարէզներու կարեւոր պաշտօններ, Ստեփան Ալաճաճեան նաեւ կը ստեղծագործէր: Գրելու, ստեղծագործելու ձիրքը փոքր տարիքէն ուղեկցած էր անոր, տակաւին Հալէպ ապրելու տարիներէն:
Հայրենիքի գիտակցութիւնը նոյնպէս Ստեփան Ալաճաճեանի մօտ փոքր տարիքէն ձեւաւորուած է, երբ լսած է գաղթի, տեղահանութեան, կորուսեալ տան պատմութիւնները, եւ այդ ամէնը իրենց արտացոլումը գտած են անոր պատմուածքներու, միւս ժանրի ստեղծագործութիւններու եւ յետոյ՝ հրապարակախօսութեան մէջ: Ալաճաճեանի բոլոր պատմուածքները, վէպերը եւ վիպակներն ունին իրենց յստակ ոճը, գաղափարախօսութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ բոլորն ալ արդիական ըսելիքով են ու միշտ՝ այժմէական:
Ստեփան Ալաճաճեանի գործերէն ընթերցողին քաջ ծանօթ է յատկապէս «Եղեգները չխոնարհուեցին» վէպը՝ դասական գործ մը, որ նուիրուած է այն փրկուած հայերուն, որոնք վերադարձան Կիլիկիա՝ հայկական ինքնավար պետականութիւն ստեղծելու յոյսով ու խաբուեցան՝ հաւատալով եւրոպական դիւանագիտութեան, ապա 1921 թուականին հերոսական կռիւ մղելով՝ ապաստան գտան Միջին Արեւելքի հիւրընկալ ժողովուրդներուն մօտ։
Ստեփան Ալաճաճեանի գրական առաջին գործը՝ «Ծովուն երգը», լոյս տեսած է 1939 թուականին՝ Պէյրութի «Պատանեկան արձագանգ» պարբերականին մէջ։ Դպրոցէն ներս խումբ մը հայ աշակերտներու հետ, կը հիմնեն ամսաթերթ մը՝ «Գրասէր»։ Այս ամսագիրին մէջ լոյս կը տեսնեն անոր բանաստեղծութիւններն ու յօդուածները։ 1942 թուականին կը հրատարակուի Ալաճաճեանի բանաստեղծութիւններու առաջին ու վերջին՝ «Վշտի ծաղիկներ» ժողովածոն։ Հայաստան տեղափոխուելէ տարիներ յետոյ՝ 1951 թուականին, կ՚աւարտէ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինի՝ հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան բաժինը։
Անոր «Անապատում», «Պարտութիւն» վիպակները եւ «Եռաթեւ ծիածան» ու «Մատլէնն ապրում է Փարիզում» պատմուածքներու ժողովածոները թարգմանուած են եւ առանձին գիրքերով լոյս տեսած ռուսերէնով։ Պարսկերէնի թարգմանուած եւ 1973 թուականին Թեհրանի մէջ լոյս տեսած է «Եղեգները չխոնարհուեցին» վէպը։ Բացի այդ, Ալաճաճեանի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ թարգմանուած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, չեխերէնի, պուլկարերէնի, էստոներէնի, էօզպեքերէնի եւ այլ լեզուներու։
Ստեղծագործելուն զուգահեռ կատարելով թարգմանութիւններ, Ստեփան Ալաճաճեան անգլերէնէն եւ ֆրանսերէնէն թարգմանած է Շէյքսփիրի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Հերպըրթ Ուելսի, Ժան Փոլ Սարթրի եւ այլոց գործերը։
«Հայաստան» հրատարակչութեան մէջ անոր նախաձեռնութեամբ սկսած են հրատարակուիլ «Սփիւռքահայ գրողներ» եւ «Հայ մատենագիրներ» շարքերը. այդ շարքերով արժէքաւոր հատորներ տպուած են, սփիւռքահայ շատ գրողներու հայ ընթերցողը ծանօթացած է այդ մատենաշարերու միջոցով:
Ստեփան Ալաճաճեան նաեւ գործած է շարժապատկերի ասպարէզէն ներս: Անոր բեմագրութեամբ (հեղինակակից` Հենրիկ Մալեան) «Հայֆիլմ» շարժապատկերի ընկերութիւնը 1980 թուականին նկարահանած է «Կտոր մը երկինք» («Ապտակ») գեղարուեստական շարժապատկերը։ 1984 թուականին «Հայֆիլմ»ը տաղանդաւոր գրողի բեմագրութեամբ նկարահանած է «Ճերմակ անուրջներ» գեղարուեստական շարժապատկերը. երկուքն ալ սիրուած շարժանկարներ են:
Ստեփան Ալաճաճեան 1957-1963 թուականներուն աշխատած է «Խորհրդային գրականութիւն» ամսագրին մէջ, որպէս արձակի բաժինի վարիչ: 1966-1967 թուականներուն եղած է «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչը, 1967-1975 թուականներուն՝ Հայաստանի խորհրդային գրողներու վարչութեան քարտուղարը։ 1980 թուականին եղած է «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն, իսկ 1992 թուականին բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըս, ուր 2001 թուականին հրատարակած է «Առագաստ» գրական պարբերաթերթը, որ իր շուրջը համախմբած էր Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ բնակող գրողներ, մտաւորականներ:
19 սեպտեմբեր 2008 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ, գրող Ստեփան Ալաճաճեան պարգեւատրուած է Ոսկեայ մետայլով։
Ան մահացած է Լոս Անճելըս, 23 դեկտեմբեր 2010 թուականին։
Յետմահու վերահրատարակուած են գրողի գիրքերը, ինչպէս նաեւ տպագրուած նորերը, ուր կ՚երեւի նաեւ Ստեփան Ալաճաճեան հրապարակախօսը: Անոր հրապարակախօսութիւնը (իր գեղարուեստական գրականութեան հետ համեմատած) քիչ ծանօթ է ընթերցողին: Այդ հրապարակախօսութիւնը հայ մտաւորականի, գրողի, գրադատի քննական ու գեղագիտական հայեացքն է՝ ուղղուած հայ իրականութեան զանազան հարցերուն:
1965 թուականին՝ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներու եւ խումբ մը գրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ան ունեցած է նշանաւոր ելոյթ մը՝ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան մասին:
Հանդիպման մասնակցած են Պարոյր Սեւակ, Սիլվա Կապուտիկեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Հրանդ Թամրազեան եւ Վիգէն Խեչումեան: Ժամանակին Ստեփան Ալաճաճեանի այս ելոյթը մերժուած է խմբագրութիւններու կողմէ եւ միայն շատ տարիներ ետք ընդգրկուած՝ Միացեալ Նահանգներ լոյս տեսած իր յօդուածներու ժողովածոյին մէջ:
ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵԻ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆ
Ձեզի համար գրեցի այս բոլորը եւ Ձեր անունէն, որպէսզի փոխանցուի սերունդներուն, որ պիտի գան, պիտի ապրին իբրեւ հայ, ազգային գիտակցութեամբ, ազգային արժանապատուութեամբ, իբրեւ գրասէր մարդ եւ քաղաքացի: Ազգասիրութիւնը այն բարձրագոյն զգացմունքն է, որ պատմական արմատներ ունի, սնունդ կ՚առնէ արեան բջիջներէն եւ իր աւիշով ազգակիցները կը մղէ ազգային շահերու պաշտպանութեան: Մեր ազգասիրութիւնն է, որ կ՚արդարացնէ մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարը, կը պահպանէ մեր ազգային դիմագծի անաղարտութիւնը, դարերու ընթացքին ընդունած աւանդոյթները: Մեր ազգասիրութիւնը չի քաջալերեր որեւէ յաւակնութիւն ուրիշ ազգերու նկատմամբ եւ չի հանդուրժեր իր կամ ուրիշի գերազանցութեան զգացումը, եւ ատորով իսկ կը յաղթահարէ ազգային սնապարծութիւնը: Ազգասիրութիւնը մեր արժէքներու ճշմարիտ ու արդար գնահատումն է ընդդէմ այդ արժէքներու ուրացման եւ ստորացման, մեր պայքարն է յանուն ազգային հպարտութեան:
Ազգասէր է ան, ով իր մէջ կը կրէ իր ժողովուրդի իղձերն ու երազանքը. հետեւապէս, ազգասիրութիւնը ժողովրդական զգացմունք է, եւ ով երես կը թեքէ ժողովուրդի համազգային այդ զգացմունքէն, պատմութեան մէջ կը մտնէ որպէս վարկաբեկուած զաւակ ու կը մոռացուի, որովհետեւ պատմութիւնը, նաեւ, եւ յատկապէս, իր հեղինակաւոր, իր լաւագոյն զաւակներու գրի առնուած յիշատակութիւնն է, անոնց հերոսական արարքներու էջագրութիւնը:
Արեան կանչ է ազգասիրութիւնը եւ արեան ցեղակցութեան հիմնաբջիջը, որ կը դառնայ յաւերժականութեան համար հզօրագոյն ուժը, կը դառնայ ազգային պատկանելիութիւն ունեցող ժողովուրդի շարունակելիութեան հիմքը:
Ազգն իր հաւատքով թրծող սէրն է ան. իր ցեղի յարատեւման խթանը, ազգի ոգին անուցող հիւլէն: Այդ ոգին է այն աննկուն կերտուածքը, որով թերահաւատութիւն չենք ցուցաբերեր գոյատեւելու պայքարին՝ մեր յաղթանակի նկատմամբ, քանզի ատիկա ողջ ազգի մը պայքար է: Այդ ոգին է, որ չի ձգեր մեզ թերահաւատութիւն ցուցաբերել սեփական ուժի նկատմամբ, քանզի այդ մէկը կ՚ըլլար մեր բարոյական պարտութիւնը, իսկ մեր բարոյական հիմքերը մեր սերունդներու մաքրութեան հովանիներն են:
Ազգի ոգին մեզ առաջնորդող ջահն է խաւարի խժդժութիւններու միջով: Մեր խիզախութեան ներշնչանքն է այն: Առանց խիզախներու ազգային շարժում չի ստեղծուիր, եւ խիզախութիւնը չ՚ընդունիր ո՛չ խուճապ, ո՛չ նահանջ:
Ազգի ոգին է մեր ազատութեան շեփորահարը: Այդ ոգին մարդկային է եւ մարդկութեան անբաժանելի մասնիկը, որով ազգի որեւէ զաւակ կը դառնայ մարդկութեան արժանի էակ:
Ժողովուրդը սթափեցնող ձայնն է այն եւ հայրենիքի ներկայութիւնն է մարդու մէջ ու մարդու հոգեկան ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ:
Երկուորեակներ են մեր ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, զի նոյն ոգու ծնունդն են ու կ՚ապրին իրարմով, բայց հայրենասիրութիւնը աւելին է, քան միւս զգացմունքները, որովհետեւ իր հիմքին մէջ կը կրէ բարոյական եւ հասարակական պարտաւորութիւններ ոչ միայն ազգի, այլեւ այն հողի հանդէպ, որ կը կոչուի հայրենիք: Ատոր մէջ կը մտնէ հայրենի հող ու երկինք ունենալու գիտակցութիւնը, հասկացութիւն մը, որ բովանդակութեամբ ու տարողութեամբ, ընդգրկումով ու խորութեամբ շատ աւելի հզօր է. անոր մէջ կը պարփակուի այն վայրը, որ մեծ հօր ծննդավայրն է, այն լեռն ու ձորը, լիճն ու ջուրը, ծառն ու թուփը, որ հայրենին է:
Հայրենիքն է մեր ազգային գոյութեան սկիզբը:
Հայրենասիրութիւնը՝ ինքնաճանաչման ուժն է: Մենք մեզ կը ճանչնանք այն լեզուով, որով կը խօսին մեր հողի մարդիկ եւ մեր երկիրն է մեր ինքնաճանաչման վկան, Արարատն ու Արագածը, Սեւանն ու Վանայ ծովը, սօսիի անտառներն ու հայոց լեռնաշղթաները: Հայրենիքն այն է, ինչ պատմութիւն ու անցեալ կը կերտէ իր հողի վրայ ապրող, իր հողին մէջ ծնած ժողովուրդի համար: Վա՜յ այն ազգին, որ անցեալ չունի. չունի պատմութիւն:
Մեր անցեալը վանք է եւ գիր, մշակոյթ է եւ արուեստ, երգ է եւ պետականութիւն, զօրք ու հաւատ, եւ վերջապէս ազատութեան համար մղուած սրբազան պատերազմ: Հայրենասէր է ան, ով չի կարող անտեսել հայրենիքի շահը, ով կ՚օգնէ իր հայրենիքի բարգաւաճմանը ու կը ծառայէ անոր հզօրութեանը, քարը քարի վրայ կը դնէ, հողը կը հերկէ, հունտ կը ցանէ, սածիլ կը տնկէ, երգ կը հիւսէ, վէրք կը բուժէ: Հայրենասիրութիւնը աշխատանք է եւ գործ, ուր ալ որ ատիկա կատարուի, յանուն հայրենիքի բարօրութեան: Մեր հայրենասիրութիւնն է մեր պետականութեան հիմնաքարը: Այն ազատութեան ու անկախութեան պահանջ է, մեր հողի ամբողջատիրութեան երաշխիքը: Այն վեհագոյն պատուանդանն է ընդդէմ օտար ճնշումներու, սուրբ ձեռք մըն է ներխուժողի դէմ ու ռազմի տանող սրբազան զէնք. ապա ձիթենեաց ճիւղն է, որ խաղաղութիւն կ՚աղերսէ յանուն պայծառ արեգակի:
Հայրենիքէն հեռու ապրիլ՝ չի նշանակեր հայրենիք չունենալ: Հայրենիք ունենալով՝ հայրենասիրութիւն չունենալն է անէծքը: Վեհ է ան, ով հայրենիքէն հեռու՝ կ՚ապրի հայրենասիրութեամբ: Հայրենասիրութեամբ չապրիլն է ամօթ:
Ո՞րն է այն ուժը, որ կարող է ամբողջ ազգը հաւաքել իրարու, բերել իր շուրջը, եթէ ոչ՝ ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը, հայրենիք կերտող, հայրենիք պահող հայրենասիրութիւնը: Այդ է, որ սերունդներու օրհնութիւնը ունի մեր վրայ, այդ է, որ պիտի տանի մեր օրհնութիւնը յաջորդ սերունդներուն:
ՄԻՏՔԵՐ՝ ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆԷՆ
Հայրս կիլիկեցի էր, եւ իմ ծննդավայրս պէտք է ըլլար Կիլիկիան։ Ես ծնած եմ Հալէպ։ Իմ եւ հօրս ծննդավայրերու տարբերութեան պատճառը եղած է աշխարհը վերաբաժանող ահաւոր պատերազմ մը, որ մղած են հզօր պետութիւնները, բայց պատերազմէն ամենէն շատ տուժած է դարերու ճամբորդ, կենսունակ եւ փոքրաթիւ ժողովուրդ մը։ Հայրս այդ ժողովուրդի զավակն էր, իսկ ես՝ հօրս:
*
Ազգերը մեծութեան կը հասնին ոչ թէ այրելով ու խորտակելով, ոչ թէ բռնակալ ու հարստահարիչ զօրականներ ու պատերազմիկներ տալով, այլ այնպիսի գիտուն եւ առաջնորդ գլուխներ ծնելով, որոնք կարող են մարդկութիւնը լուսաւորել եւ բարեշրջել:
*
Պէտք է սիրել ու յարգել այն մարդը եւ այն երկիրը, որ ամէն ջանք կը թափէ՝ անցեալի սխալները սրբագրելու:
*
Աշխարհին մէջ միայնակ մնացած մարդու համար ամենաքաղցր բանը հոգիի եւ մտքի զրուցակից գտնելն է, զրուցակից ոչ թէ ձայնով խօսելու համար, այլ՝ մտքին, այսինքն՝ խոհերն անձայն յայտնելու եւ դիմացինի փոխարէն մտքով պատասխանելու, համաձայնուելու կամ առարկելու իր իսկ խոհերուն:
*
Այն ժողովուրդները, որ թշնամիի ուժը չեն գնահատեր, կը գործեն ամենամեծ սխալը:
*
Ամբողջ ազգը պիտի զինուի եւ՝ ոչ միայն հրացանով, այլեւ` հաւատով, խելքով, ոգով:
ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ
Ստեփան Ալաճաճեանի ընտանիքը գրողի յիշատակին հիմնած է հիմնադրամ, որ կը զբաղի Ալաճաճեանի ժառանգութեան պահպանմամբ: Հրատարակութիւններէ եւ զանազան ձեռնարկներէ զատ, Ալաճաճեան ընտանիքը հիմնած է «Ստեփան Ալաճաճեան» գրական մրցոյթ, որ հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհի տարածքին ապրող եւ ստեղծագործող հայ արձակագիրներուն՝ ներկայացնել իրենց արձակ գործերը: Այս տարուայ մրցոյթը արդէն բաց է: Ինչպէս միշտ՝ ամենամեայ այս մրցոյթը ունի մէկ անուանակարգ՝ վէպ:
Մրցույթի կազմակերպիչը «Ստեփան Ալաճաճեան» հիմնադրամի հետ նաեւ Հայաստանի մէջ գործող «Կայարան» գրական ակումբն է: Մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողները կարող են ներկայացնել 2023-2024 թուականներու ընթացքին հրատարակուած իրենց վէպերը, որոնք մրցութային յանձնախումբին պիտի ներկայացնեն մինչեւ յունիսի 30-ը:
Մրցոյթը կ՚ամփոփուի 2024 թուականի երկրորդ կէսին՝ մեծանուն գրողի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս