image

Դամասկոսի մէջ նահատակուած քրիստոնեայ եղբայրներու հայրը՝ Ճուզէփփէ Ալամանօ պիտի սրբադասուի

  Դամասկոսի մէջ նահատակուած  քրիստոնեայ եղբայրներու հայրը՝ Ճուզէփփէ Ալամանօ պիտի սրբադասուի

Ամբողջ կեանքը քրիստոնէական վկայութեամբ ապրած եւ  «Քոնսոլաթա» ուխտի հիմնադիր Հայր Ճուզէփփէ Ալամանօ Հռոմի Պապին որոշումով սուրբ պիտի յայտարարուի։

 Այս մասին «Արեւելք» կարդաց «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։

 Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաւանութիւն տուաւ, որ յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին սրբադասուին Մանուէլ Ռուիզ Լոփէզ, անոր ընկերները եւ Ֆրանչէսքօ, Մութի եւ Ռաֆաէլէ Մասսպաքի աշխարհական հաւատացեալները

Երկուշաբթի, 1 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց կէսօրուան ժամասացութեան, ապա ներկայ գտնուեցաւ կարդինալական հանրային ժողովին՝ նուիրուած յառաջիկայինԱստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններուն սրբադասման։

 

Կարդինալներուն հանրային Ժողովին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հաւանութիւնը տուաւ, որ յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին Սուրբ հռչակուին, 1860 թուականին Դամասկոսի մէջ նահատակուած, Քոնսոլաթայի միսիոնարներ եւ միսիոնարուհիներ միաբանութեան հիմնադիր, Երանելի Ճուզէփփէ Ալլամանօ, Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամն անոր աշխարհական ընկերները։ 20 հոկտեմբերին Սուրբ Պիտի հռչակուին Երանելի Մարի Լէոնի եւ երանելի Էլէն Կուեռա։

 Նշենք նաեւ, որ Սուրբ Հաղորդութեան սիրահար, երանելի Քարքօ Աքութիսի սրբադասման արարողութեան թուականը պիտի ճշդուի յառաջիկային, հաւանաբար Յոբելինական Սուրբ Տարուան ընթացքին։