Լիբանանցի եւ ամերիկացի աշխարհահռչակ գրող, իմաստասէր եւ նկարիչ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի 140-ամեակը ամբողջ տարի մը (2023-2024) նշուեցաւ ո՛չ միայն իր ծննդավայր Լիբանանի եւ ապրած երկրի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այլեւ՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Արեւելքի մեծագոյն այս իմաստասէրի: Անոր փիլիսոփայութիւնը դադրած է զուտ արեւելեան իմաստասիրութիւն ըլլալէ եւ դարձած է համամարդկային, կը սնանէ միտքեր, հոգիներ: Իր արձանները եւ անուանակոչումները ամէնուր են աշխարհի մէջ:
Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնը նոյնպէս կեցած է Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի արձանը, որու պատուանդանին աշխարհի տարողութեամբ նշուող իր 140-ամեակի առթիւ յաճախ թարմ ծաղիկներ կ՚ըլլային:
Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան ծնած է 1883 թուականին՝ լիբանանեան Պշարի քաղաքը՝ որ այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան կը պատկանէր: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի քահանայէն, անոր քով սորված է կարդալ ու գրել արաբերէն եւ ուսումնասիրած է Սուրբ Գիրքը: Պզտիկ տարիքին մօր եւ ընտանիքի միւս զաւակներուն հետ ԱՄՆ փոխադրուած է, բայց պատանի տարիքին կրկին դարձած է Լիբանան՝ Իմաստութեան դպրոցին մէջ ուսումը շարունակելու: Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան յետոյ Փարիզ անցած է, կրկին ԱՄՆ, նշանակալի գրական գործունէութիւն ունեցած է մաւանանդ արաբերէնը եւ արաբական գրականութիւնը տարածելու առումով, բայց հիմնականը ստեղծագործած է, այն ալ երկու լեզուով՝ արաբերէն եւ անգլերէն: Փիլիսոփայ գրողը ապրած է ընդամենը 48 տարի, սակայն ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն՝ արձակ, չափածոյ:
Իր գլուխ գործոցը, անշուշտ «Մարգարէն» է՝ համաշխարհային գրականութեան գանձերէն մին, որ թարգմանուած է գրեթէ բոլոր լեզուներով: Այս գործին մէջ Ճըպրան Խալիկ Ճըպրան ինքնատիպ բանաստեղծական ոճով եւ ճոխ լեզուով կը պատմէ ընկերային եւ բարոյական կեանքի, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու մասին:
Գիրքի հերոսը՝ Մարգարէն է, «ընտրեալ» Ալ Մուսթաֆան, որ պիտի լքէ Օրֆալիս քաղաքը, եւ այս առիթով, զինք հրաժեշտ տալու եկած բազմութեան կը խօսի սիրոյ եւ ամուսնութեան, զաւակներու, աշխատանքի, ցաւի, ուրախութեան, տրտմութեան, առեւտուրի, օրէնքի, ազատութեան, բանականութեան, ցանկութեան, չարի, կրօնի եւ կեանքի գրեթէ բոլոր իրողութիւններու մասին, եւ մարդը կը մղէ ինքնաճանաչման: «Մարգարէն» գիրքը մինչեւ հիմա կը թարգմանուի, կը մեկնաբանուի, եւ արժէքաւոր նկատուած է այն իմաստով, որ կու գայ կարծրատիպերը կոտրելու եւ հոգեկան ու բարոյական նո՛ր արժէքներով մարդ մը կերտելու:
Գրողի 140-ամեակին հետ միաժամանակ լրացաւ նաեւ 100-ամեակը «Մարգարէն» գիրքի հրատարակութեան: Քսանվեց արձակ առակներէ կազմուած գիրքը գրողը գրած է անգլերէն, հրատարակուած է 1923 թուականին, յետոյ զայն թարգմանուած եւ տարածուած է աշխարհով մէկ: Հայերէն (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն) քանի մը թարգմանութիւններ եղած են: Ներկայացուող առակները 1983 թուականին Պէյրութ լոյս տեսած գիրքէն է.
ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ
Յայնժամ, Ալմիտրա ըսաւ.
-Խօսէ մեզի Սիրոյ մասին:
Եւ գլուխը բարձրացուց ու նայեցաւ ժողովուրդին եւ հանդարտութիւն տիրեց.
Եւ բարձրաձայն ըսաւ. -
Երբ սէրը կը հրաւիրէ ձեզ, հետեւեցեք, Թէեւ անոր ուղիները դժուարին են ու սեպ.
Եւ երբ անոր թեւերը կը պարուրեն ձեզ, յանձնուեցէք,
Թէեւ անոր փետուրներուն մէջ պահուած սուրը կրնայ խոցել ձեզ.
Եւ երբ կը խօսի ձեզի, հաւատացէք,
Թէեւ անոր ձայնը կրնայ փշրել ձեր երազները, ինչպէս որ հիւսիսային հողմը կ՚առաթուրէ պարտէզը:
Որովհետեւ, ինչպէս որ սէրը կը պսակադրէ ձեզ, նոյնպէս ալ կը խաչէ. ինչպէս որ կ՚աճեցնէ ձեզ, նոյնպէս ալ կը յօտէ,
Ինչպէս որ ձեր հասակն ի վեր կը մագլցի եւ արեւուն տակ սրսփացող ձեր ամենէն մատղաշ ճիւղերը կը շոյէ,
Նոյնպէս ալ կը հասնի ձեր արմատներուն եւ կը սարսէ հողին անոնց կառչանքը:
Ցորենի որաներու պէս, ձեզ իր մէջ կ՚ամփոփէ,
Կը կամնէ ձեզ՝ մերկացնելու համար,
Կը մաղէ՝ ազատագրելու համար ձեզ՝ ձեր կեղեւներէն,
Կ՚աղայ մինչեւ որ ճերմկիք,
Կը շաղէ՝ մինչեւ որ կակուղնաք,
Եւ յետոյ իը սրբազան կրակին կը յանձնէ, որպէսզի Աստուծոյ սրբազան խնջոյքին սրբազան հացը ըլլաք:
Սէրը այս բոլորը պիտի ընէ ձեզի, որպէսզի ձեր սիրտերուն գաղտնիքները իմանաք եւ այդ իմացութեամբ կեանքի սիրտին մէկ մասունքը դառնաք:
Բայց, եթէ երկնչելով՝ սիրոյ խաղաղութիւնն ու սիրոյ հաճոյքը միայն փնտռէք,
Ապա նախընտրելի է որ ձեր մերկութիւնը ծածկէք եւ դուրս գաք սիրոյ կամնոցէն,
Դէպի անեղանակ աշխարհ մը, ուր պիտի խնդաք, բայց ոչ բոլոր ձեր խինդերը. եւ լաք, բայց ոչ բոլոր ձեր արցունքները:
Սէրը միայն ինքզինք կու տայ եւ միայն ինք իրմէ կը ստանայ.
Սէրը չի՛ սեփականացներ, ոչ ալ կը սեփականացուի,
Որովհետեւ սէրը սիրով ինքնաբաւ է:
Երբ կը սիրես, պէտք չէ ըսես՝ «Աստուած իմ սիրտիս մէջ է», այլ՝ «Ես Աստուծոյ սիրտին մէջ եմ»:
Եւ մի կարծէք որ սիրոյ ուղղութիւնը կրնաք ճշդել, որովհետեւ սէ՛րը, ձե՛ր ուղղութիւնը կը ճշդէ, եթէ ձեզ արժանի նկատէ:
Սէրը ուրիշ ցանկութիւն չունի, բացի իր լրումին հասնելէ,
Բայց եթէ սիրես եւ ցանկութիւնը անհրաժեշտ նկատես, ասոնք թող ըլլան ցանկութիւններդ. -
Հալիլ եւ ըլլալ հոսուն առուակի մը պէս, որ իր մեղեդին կ՚երգէ գիշերին,
Գիտակցիլ ծայրայեղ քնքշութեան ցաւին,
Սիրոյ քու սեփական ըմբռնումէդ վիրաւորուիլ,
Եւ կամովին ու բերկրանքով արիւնիլ,
Ցայգալոյսին արթննալ թեւ առած սիրտով եւ շնորհակալութիւն յայտնել՝ սիրոյ նոր օրուան մը համար,
Միջօրէին հանգչիլ եւ սիրոյ հոգեզմայլութիւնը խոկալ,
Վերջալոյսին տուն վերադառնալ երախտագիտութեամբ,
Եւ ապա ննջել՝ սիրածիդ համար աղօթք մը սիրտիդ մէջ եւ փառաբանանքի երգ մը շրթներուդ վրայ:
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Յետոյ Ալմիտրա դարձեալ խօսեցաւ եւ ըսաւ. -
Տէ՛ր, Ամուսնութիւնը ի՞նչ է:
Եւ ան պատասխանեց, ըսելով. -
Միասին ծնած էիք եւ յաւիտեանս միասին պիտի ըլլաք,
Միասին պիտի ըլլաք, երբ մահուան սպիտակ թեւերը տարտղնեն ձեր օրերը,
Այո՛, միասին պիտի ըլլաք նոյնիսկ Աստուծոյ լուռ յիշողութեան մէջ,
Բայց ձեր միասնութեան մէջ թող միջոցներ ըլլան,
Եւ թող երկինքի հովերը ձեր միջեւ պարեն:
Սիրեցէ՛ք զմիմեանս, բայց սէրը կապտումի մի վերածէք,
Այլ, ձեր հոգիներուն ափերուն միջեւ, սէրը շարժուն ծով թող ըլլայ,
Լեցուցէ՛ք իրարու բաժակները, բայց միեւնոյն բաժակէն մի՛ խմէք,
Զիրար կերակրեցէ՛ք, բայց միեւնոյն նկանակէն մի ուտէք,
Երգեցէ՛ք ու պարեցէ՛ք միասին եւ ուրախ եղէ՛ք, բայց թող իւրաքանչիւրդ առանձին ըլլայ,
Ինչպէս որ վինին լարերը առանձին են, թէեւ միեւնոյն երաժշտութեամբ կը թրթռան:
Տուէ՛ք ձեր սիրտերը, բայց ոչ պահ դնելու ձեւով,
Որովհետեւ միայն Կեանքի ձեռքը կրնայ ձեր սիրտերը պարփակել,
Եւ միասին կանգնեցէ՛ք, բայց ոչ իրարու շատ մօտ,
Որովհետեւ տաճարին սիւները իրարմէ անջատ կը կանգնին
Եւ կաղնին ու մշկենին իրարու շուքին մէջ չեն աճիր:
ԶԱԻԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Եւ կին մը, որ երեխայ մը սեղմած էր կուրծքին, ըսաւ. -
Խօսէ մեզի Զաւակներու մասին:
Եւ ան ըսաւ. -
Ձեր մանուկները ձեր զաւակները չեն,
Անոնք տղաքն ու աղջիկներն են Կեանքի ինքնալիացումին,
Անոնք ձեր ընդմէջէն կու գան, բայց ոչ ձեզմէ,
Եւ թէեւ ձեր հետ են, սակայն ձեզի չեն պատկանիը:
Անոնց կրնաք ձեր սէրը տալ, բայց ոչ ձեր մտածումները,
Որովհետեւ իրենց ուրոյն մտածումները ունին.
Կրնաք հիւրընկալել անոնց մարմինները, բայց ոչ հոգիները,
Որովհետեւ անոնց հոգիները կը բնակին վաղուան տան մէջ, ուր՝ ոչ իսկ ձեր երազներով կրնաք այցելել:
Կրնաք ջանալ անոնց պէս ըլլալ, բայց մի փորձէք զանոնք ձեզի պէս ընել, Որովհետեւ կեանքը ետ չ՚երթար, ոչ ալ երէկին հետ կը յամենայ:
Դուք աղեղներն էք, որոնցմէ ձեր զաւակները ապրող նետերու պէս կ՚արձակուին:
Նետաձիգը անհունի ուղիին վրայ նշանը կը տեսնէ եւ Իր զօրութեամբ ձեզ կը պրկէ այնպէս, որ նետերը արագ եւ հեռու երթան: Նետաձիգին ձեռքին մէջ ձեր պրկումը թող գոհութեան համար ըլլայ,
Որովհետեւ, ինչպէս որ Ան կը սիրէ թռչող նետը, նոյնպէս՝ կայուն աղեղը կը սիրէ:
ՏԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Յետոյ հարուստ մարդ մը ըսաւ.-
Խօսէ՛ մեզի Տալու մասին:
Եւ ան պատասխանեց.-
Շատ քիչ տուած կ՚ըլլաք, երբ ձեր ստացուածքներէն կու տաք:
Ճշմարտապէս տուած կ՚ըլլաք միայն այն ատեն, երբ դուք ձեզմէ կու տաք. Որովհետեւ ի՞նչ են ձեր ստացուածքները, եթէ ոչ բաներ, զորս կը պահէք եւ կը պահպանէք այն վախով, որ վաղը կրնաք պէտք ունենալ անոնց.
Եւ վա՜ղը, ի՞նչ պիտի բերէ վաղը այն գերխոհեմ շան, որ, դէպի սուրբ քաղաք յառաջացող ուխտաւորներուն հետեւելու պահուն, անհետ աւազին մէջ ոսկորներ կը թաղէ:
Եւ ի՞նչ է կարիքի վախը, եթէ ոչ կարիքը ինքնին.
Անյագ ծարաւի արտայայտութիւն չէ՞ ծարաւելու երկիւղը, երբ ջրհորը լեցուն է:
Կան անոնք, որ իրենց շա՛տ ունեցածէն՝ քիչ կու տան - եւ ասիկա կ՚ընեն փոխան երախտագիտութեան եւ անոնց թաքուն ա՛յս իղձը նուէրները անսուրբ կ՚ընծայէ:
Եւ կան անոնք, որ քիչ ունին եւ ամբողջը կու տան.
Ասոնք կեանքին եւ կեանքի պարգեւին հաւատացողներն են եւ անոնց արկղը երբեք պարապ չ՚ըլլար:
Կան անոնք, որ ուրախութեամբ կու տան եւ այդ ուրախութիւնը անոնց վարձատրութիւնն է:
Եւ կան անոնք, որ ցաւով կու տան եւ այդ ցաւը անոնց մկրտութիւնն է:
Եւ կան անոնք, որ ցաւ չեն զգար տալու ատեն, ոչ ալ հաճոյք կը փնտռեն, ոչ ալ կու տան առաքինութեան մտահոգութեամբ,
Կու տան ինչպէս հեռաւոր հովիտի մրտենին իր բոյրը կ՚արտաշնչէ տարածութեան մէջ.
Այսպիսիներու ձեռքերուն ընդմէջէն է որ Աստուած կը խօսի եւ անոնց աչքերուն ետեւէն է որ կը ժպտի աշխարհին:
Լաւ է տալ, երբ կը խնդրուի, բայց աւելի լաւ է տալ առանց խնդրանքի, հասկացողութեամբ:
Եւ առատաձեռն մարդուն համար ստացող մը փնտռելը աւելի մեծ հաճոյք է, քան տալը:
Իսկ կա՞յ բան մը, զոր անհրաժեշտ է մերժել,
Ամէն ինչ որ ունիս օր մը պիտի տրուի, Ուստի տուր հիմա, երբ տալու եղանակը դեռ քուկդ է եւ ոչ ժառանգորդներուդ:
Յաճախ կ՚ըսէք.- «Պիտի ուզէի տալ, բայց միայն արժանիներուն»,
Ձեր մրգանոցին ծառերը այդպէս չեն ըսեր, ոչ ալ ձեր արօտներու հօտերը:
Կու տան, որպէսզի ապրին, որովհետեւ պահելը փճացումի համազօը է:
Վստահաբար, ան որ արժանի է իր օրերն ու գիշերները ստանալու, նո՛յնպէս արժանի է ձեզմէ ամէն ուրիշ բան ստանալու,
Եւ ան որ արժանի եղած է կեանքի ովկիանոսէն խմելու, իր բաժակը ձեր փոքր առուակէն լեցնելու ալ արժանի է:
Եւ աւելի մեծ ի՞նչ հատուցում կրնայ ըլլալ, քան այն որ կը կայանայ ստանալու քաջութեան, վստահութեան եւ, ինչու չէ, ողորմութեան մէջ:
Եւ ո՞վ ես դուն, որ առջեւդ՝ մարդիկ պատռեն իրենց կուրծքն ու մերկանան իրենց հպարտութենէն, որպէսզի կարենաս անոնց մերկ արժէքը եւ անամօթ հպարտութիւնը գնահատել:
Ստուգէ՝ նախ, թէ դուն արժանի՞ ես տալու եւ տուչութեան գործիք դառնալու:
Որովհետեւ իրականութեան մէջ կեանքն է որ կեանքին կու տայ - մինչդեռ դուն, որ ինքզինքդ տուող կը դաւանիս, միայն վկայ մըն ես:
Եւ դուք, ստացողնե՛ր,- եւ բոլորդ ալ ստացողներ էք,- երախտագիտութեան ոչ մէկ զգացում տածեցեք, որպէսզի թէ՛ դուք ձեզ եւ թէ՛ տուողը լուծի մը չկապէք:
Ընդհակառակն, բարձրացէք տուողին հետ, անոր նուէրները իբրեւ թեւ գործածելով,
Որովհետեւ պարտահատոյց ըլլալու մտատանջութիւնը տուողին առատաձեռնութիւնը կասկածի տակ առնելու համազօր է. տուողին, որ անշահախնդիր հողը ունի իբրեւ մայր եւ զԱստուած՝ իբրեւ հայր:
ՈՒՏԵԼՈՒ ԵԻ ԽՄԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Ապա ծեր պանդոկապան մը ըսաւ.
-Խօսէ՛ մեզի Ուտելու եւ Խմելու մասին: Եւ ան ըսաւ. -
Կ՚ուզէի որ ապրիք միայն հողին բոյրով եւ օդաբոյսի պէս լոյսով սնանէիք:
Բայց քանի որ ուտելու համար պէտք է սպաննէք եւ ձեր ծարաւը յագեցնելու համար նորածինը զրկէք իր մօր կաթէն, թող ուրեմն ուտելն ու խմելը պաշտամունքի արարքներ ըլլան:
Եւ թող ձեր սեղանը ըլլայ խորան մը, որուն վրայ կը զոհուին անտառի եւ դաշտի անմեղն ու անարատը, ի խնդիր ամէն ինչի որ մարդու մէջ անարատ է եւ նոյնիսկ աւելի անմեղ:
Երբ գազան մը կը սպաննես, ըսէ անոր սրտովին. -
«Այն ուժը որ կը սպաննէ քեզ, զիս ալ կը սպաննէ, եւ ես ալ պիտի սպառիմ,
«Որովհետեւ այն օրէնքը, որ քեզ յանձնեց ինծի, զիս ալ պիտի յանձնէ աւելի զօրաւորի մը ձեռքը:
«Արիւնդ եւ արիւնս ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ աւիշը, որ երկինքի ծառին սնունդ կու տայ»:
Եւ երբ խնձոր մը կը ճզմես ակռաներովդ, սրտովին ըսէ անոր. -
«Հունտերդ պիտի ապրին մարմինիս մէջ,
«Եւ վաղուանդ բողբոջները պիտի ծաղկին սիրտիս մէջ,
«Եւ բոյրդ շունչս պիտի ըլլայ,
«Եւ միասին պիտի ցնծանք բոլոր եղանակներուն»:
Եւ աշնան, երբ հնձանին համար կը հաւաքես այգիիդ խաղողները, սրտովին ըսէ. -
«Ես ալ այգի մըն եմ, եւ պտուղս ալ պիտի հաւաքուի հնձանին համար.
«Եւ թարմ գինիի պէս պիտի պահուիմ յաւիտենական կարասներու մէջ»:
Եւ ձմրան, երբ գինի կը խմես, սիրտիդ մէջ թող ըլլայ երգ մը ամէն գաւաթի համար:
Եւ երգին մէջ, աշնան օրերուն, այգիին եւ հնձանին համար, մաղթանքի խօսք մը թող ըլլայ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Ապա հողագործ մը ըսաւ.
-Խօսէ՛ մեզի Աշխատանքի մասին:
Եւ ան պատասխանեց, ըսելով. -
Կ՚աշխատիք, որպէսզի քայլ պահէք երկիրին եւ անոր հոգիին հետ:
Որովհետեւ ծոյլ ըլլալ՝ կը նշանակէ օտարանալ եղանակներուն եւ դուրս գալ կեանքի տողանցքէն, որ, վեհօրէն ու խրոխտ համակերպումով, դէպի անսահմանը կը յառաջանայ:
Երբ կ՚աշխատիք սրինգ մըն էք, որու սիրտին ընդմէջէն ժամերու մրմունջը երաժշտութեան կը վերածուի:
Ձեզմէ ո՞վ պիտի ուզէր համր ու անխօս եղէգ մը ըլլալ, երբ իր շուրջ ամէն բան կ՚երգէ միաձայն.
Շարունակ ըսուած է ձեզի, որ աշխատանքը անէծք մըն է եւ տքնանքը՝ դժբախտութիւն:
Բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի, որ երբ կ՚աշխատիք, կ՚իրականացնէք երկրի հեռաւորագոյն երազէն մաս մը, որ ձեզի վիճակուած էր այն պահուն, երբ ծնած էր այդ երազը:
Եւ երբ կը փարիք աշխատանքին, իրականութեան մէջ կեանքը սիրած կ՚ըլլաք,
Եւ աշխատանքի ընդմէջէն կեանքը սիրել՝ մտերմանալ է կեանքի խորագոյն գաղտնիքին հետ:
Բայց եթէ, ձեր ցաւին մէջ, ծնիլը տառապանք կոչէք ու մարմինի հոգատարութիւնը՝ ձեր ճակտին գրուած անէծք մը, յայնժամ կը պատասխանեմ, թէ ձեր ճակտի քիրտէն զատ ուրիշ ոչինչ պիտի սրբէ այն, որ գրուած է:
Նաեւ ըսուած է ձեզի, որ կեանքը մթութիւն է եւ դուք ձեր խոնջանքին մէջ կ՚արձագանգէք խոնջածներու ըսածին:
Եւ ես կ՚ըսեմ, թէ կեանքը իսկապէս մթութիւն է, բացի երբ մղում կայ.
Եւ ամէն մղում կոյր է, բացի երբ ճանաչողութիւն կայ.
Եւ ամէն ճանաչողութիւն զուր է, բացի երբ աշխատանք կայ.
Եւ ամէն աշխատանք ապարդիւն է, բացի երբ սէր կայ.
Եւ երբ սիրով կ՚աշխատիք, ձեր անձը կը միացնէք դուք ձեզի, իրարու եւ Աստուծոյ:
Եւ ի՞նչ է սիրով աշխատիլը: Ձեր սիրտէն քաշուած թելերով կտաւը հիւսել է այնպէս, որ կարծէք ձեր սիրածը պիտի հագնի զայն:
Խանդաղատանքով տուն մը շինել է այնպէս, որ կարծէք ձեր սիրածը պիտի բնակի անոր մէջ:
Գորովով սերմեր ցանել եւ ուրախութեամբ հունձքը քաղել է այնպէս, որ կարծէք ձեր սիրածը պիտի ուտէ անոր պտուղները:
Ձեր կերպարանաւորած բոլոր բաները կենսաւորել է ձեր հոգիին ուրոյն շունչով,
Եւ գիտակցիլը, թէ բոլոր օրհնեալ մեռեալները ձեր շուրջ կանգնած են եւ կը դիտեն.
Յաճախ ըսած եմ ձեզ, երբ, կարծէք քունի մէջ խօսելով, կ՚ըսէք. - «Ան, որ մարմարի վրայ կ՚աշխատի եւ քարին մէջ իր հոգիին ուրոյն կերպարանքը կը գտնէ, աւելի ազնիւ է, քան ան, որ հողը կը հերկէ:
«Եւ ան, որ ծիածանը իր ափերուն մէջ կ՚առնէ, որպէսզի զայն մարդու նմանութեամբ կտաւի մը վրայ տարած է, աւելի է, քան ան, որ մեր ոտքերուն համար սանտալներ կը պատրաստէ».
Բայց ես կ՚ըսեմ, ոչ թէ քունի մէջ, այլ միջօրէի լայնարթունութեան մէջ, որ հովը աւելի քաղցրութեամբ չի խօսի հսկայ կաղնիներուն, քան խոտի յետին ծղօտներուն.
Եւ միայն ան է մեծ, որ ուրոյն սիրով աւելի քաղցրացած երգի մը կը փոխակերպէ հովին ձայնը:
Աշխատանքը տեսանելի դարձած սէրն է:
Եւ եթէ սիրով չէք կրնար աշխատիլ, այլ միայն՝ տհաճութեամբ, նախընտրելի է որ լքէք ձեր գործը եւ նստիք տաճարի դարպասին եւ ողորմութիւն ստանաք անոնցմէ, որ ուրախութեամբ կ՚աշխատին:
Որովհետեւ, եթէ անտարբերութեամբ եփէք հացը, կ՚եփէք դառնահամ հաց մը, որ միայն մարդու անօթութեան կէսը կը յագեցնէ:
Եւ եթէ դժկամակիք ողկոյզները ճզմելու, ձեր դժկամութիւնը թոյն պիտի թորէ գինիին մէջ.
Եւ եթէ նոյնիսկ հրեշտակներու պէս երգէք, բայց երգելը չսիրէք, մարդու ականջները կը խցէք օրուան եւ գիշերուան ձայներուն առջեւ:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս