image

«Արդիւնաւէտ հանդիպում էր». Ալեն Սիմոնեան նշած ` ինչ թեմաներ քննարկած են ԱՄՆ ծերակուտականի հետ

«Արդիւնաւէտ հանդիպում էր». Ալեն Սիմոնեան   նշած ` ինչ թեմաներ քննարկած են ԱՄՆ ծերակուտականի հետ

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ԱՄՆ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացուցած է Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու վերաբերեալ տեղեկատւութիւնը։ Այս մասին Սիմոնեան յայտարարած է ԱՄՆ ծերակուտականի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

«Մեր հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ էր, անդրադարձ ենք կատարել նաեւ Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններին, իմ կողմից նշուել է մեր ռազմագերիների վերաբերեալ ինֆորմացիան»,– նշած է Սիմոնեան։

Ան ընդգծած է, որ Ուիքըրի հետ քննարկած է հայ–ամերիկեան համագործակցութեան`տարբեր ոլորտներուն առնչուող հարցեր, ներկայացուցած տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը։ Խօսած են նաեւ հայ–ատրպէյճանական յարաբերություններու մասին, եւ այդ պարունակին մէջ Սիմոնեան կարեւորած է ԱՄՆ աջակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը։

Ալեն Սիմոնեան շեշտած է, որ Հայաստան–ԱՄՆ յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ են, փոխադարձ այցերն ալ, որ անընդհատ տեղի կ՚ունենան, շատ կարեւոր բաղադրիչ մաս են այդ յարաբերութիւններու համար։

Նշնենք, որ ամերիկացի սենատոր Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը յուլիս 2-ին քառօրեայ այցով ժամանած է Հայաստան։ Ուիքըրի այցը կազմակերպելու համար ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը համապատասխան կարգադրութիւն ստորագրած է։