image

Հայաստանով երթուղին լուրջ այլընտրանք է. Իրանի դեսպանը՝ դէպի Սեւ ծով Իրանի հետ կապի մասին

Հայաստանով երթուղին լուրջ այլընտրանք է. Իրանի դեսպանը՝ դէպի Սեւ ծով Իրանի հետ կապի մասին

Հայաստանի տարածքով անցնող երթուղին լուրջ այլընտրանք է Իրանին՝ Սեւ ծով արագ հասնելու համար։ Այս մասին 5 յուլիսին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ–ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին։

«Կ՚ուզեմ ըսել, որ այս ճանապարհը չի փոխարիներ մրկ այլ Իրանէն դէպի Սեւ ծով գացող ճանապարհի (նկատի ունի Ատրպէյճանով անցնող ճանապարհը), մէկը միւսը կը լրացնեն, այլ ոչ թէ կը փոխարինեն, բայց Հայաստանով անցնող ճանապարհը կը նուազի 2 օրով»,– ըսած է ան։

Դեսպանը յիշեցուցած է, որ Հայաստանով անցնող Ագարակ– Քաջարան հատուածի շինարարական աշխատանքներն արդէն սկսած են։

Ան աւելցուցած է, որ շուտով պիտի յայտարարուի Քաջարանի փապուղիի շինարարարական աշխատանքներու մրցոյթի մեկնարկը, իսկ անկէ ետք պիտի սկսի դէպի Սիսիան ճանապարհի կառուցումը։

Յիշեցնենք, որ «Հիւսիս-հարաւ» փոխադրային միջանցքի մասին միջազգային համաձայնագիրը ստորագրուած է 2000-ի սեպտեմբեր 12-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:

Նախագիծը կ՚ենթադրէ 7,2 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ փոխադրային միջանցք, որ պէտք է կապ ապահովէ Պալթեան տարածաշրջանի եւ Հնդկաստանի միջեւ՝ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջոցով: