image

Կովսականը, արիւնը... Եւ Պերճ Պասթաճեանին խօսքերը

Կովսականը, արիւնը... Եւ Պերճ Պասթաճեանին խօսքերը

 Անսովոր սովորական օրեր են Հայաստանի մէջ։ Գծած ենք նոր գիծ մը, որուն ծայրը անշուշտ 20 Յունիսն է, առանց սակայն լիարժէք կերպով հասկնալու եւ մարսելու, որ մեր երկրին, մեր տեղանքին, մեր թաղամասին, մեր մայթերուն եւ մեր լայն ու վեհանիստ փողոցներուն մէջ տիրող վիճակը մեծ հաշուով յետ-պատերազմեան վիճակ մը չէ։

Արիւնը եւ գինին կը կռուին մեր երկրին մէջ։ Արիւնը, որուն համար կռուեցան ու նահատակ դարձան մեր տղաքը, մեր երկրի բանակի զինուորներն ու նուիրեալները կը փորձեն մտնել երկրի խորքը։

Ցաւին եւ տատամսումին հետ, մեծ լռութեան եւ ափսոսանքին հետ, այդ արիւնը չի խաղաղիր։

Անոր աղաղակները կը շարունակեն աշխատիլ մեր մէջ։

Շունչ մը առնելու ժամանակն անգամ կը սառի, կը սառին մեր հայեացքները մաքուր պատուհաններէն եւ անապական ջուրէն, որ մեզի կը յուշէ, որ դեռ տեղ ունինք ապրելու։

....

Այստեղ է նաեւ, որ միտքս կու գան պաղեստինցի մեծ բանաստեղծ՝ Մահմուտ Տարուիշի  հատու խօսքերը՝ որ կը գրէր․ «Այս երկրին վրայ ապրելու համար արժանի բան մը կայ...», իսկ ես պիտի աւելցնէի, որ այո դեռ ապրելու արժանի բան մը կայ եւ այդ արժանին այն արիւնն է, որուն մասին խօսեցայ։

Այդ արիւնը, որ անսակարկ եւ անհաշիւ հեղուեցաւ, պահելու համար նուիրական եւ «ապերախտ» հողը, որ շատ արագ կը մոռնայ իր տիրոջ անունը։

Յունիսի 7-ին Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիքի տեսանիւթը դիտեցի. Ան կանգած էր ինծի համար շատ սիրելի Կովսականի ամայի հողերուն վրայ ու կը պատմէր նոր ծրագրի մը մասին, որուն հիմքով ալ Ատրպէյճան այդ շրջանը պիտի դարձնէր «Խելացի քաղաք»։ Ծրագրին մէջ «մխրճուած» էր նաեւ Իտալիան, որ չես գիտեր ինչ շահերէ մղուած պատրաստ էր միլիոնաւոր եւրոներ տրամադրել այդ քաղաքի զարգացման համար։

Հողը, որ երէկ կար, հիմա չկայ այլեւս։

Այն Կովսականը, որ վաղամեռիկ մեր ընկերոջ Պերճ Պասթաճեանի ոտնահետքերուն եւ արշաւներուն հողն էր չկար այլեւս...։

Պերճը Պէյրութցի էր, գաղափարով եւ ոգիով զինուած ընկեր, որ ամէն բան մէկդի թողեց եւ ներգրաւուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ առաջադրուած եւ տարիներ առաջ ընթացք ու մարմին առած վերաբնակեցման աշխատանքներուն։

Կովսական, Բերձոր, Դիցմայրի եւ այլ անուններ հիմա Պերճի յիշատակին կը տողանցեն մտքերուս մէջ։

Յիշատակը ճերմակ աստառ կը դառնայ ու մեզ կը պատէ, որպէս անցեալի վերյուշ ու կէս մնացած մեծ գաղափարներու եւ մեծ իտէալներու հանգստարան։

Հողը, որոգայթի պէս կը հալածէ մեր կեանքը։ Հողին համար արիւն թափողները, իրենց կեանքը նուիրողները սերունդ առ սերունդ կը հասնին։

Կը հասուննան մեր մէջ, մեր սպիտակ մազերուն, մեր հայեացքներուն, մեր հեռու տանող ճանապարհներուն վրայ։

Հողը կը մոռնայ իր տէրերը եւ արագօրէն կը վերափոխէ իր ներքին դիմադրողականութիւնը։

Մեզմէ աւելի մեծ, մեզմէ աւելի հասուն դէմքերու եւ անցած գործիչներու ծուխին մէջէն մէկ ալ կը պարզուի Պերճին պէս այս հողին համար ղուրպան եղած նուիրեալներու կիսաստուեր ժպիտը, որ բուժիչ երանգներով մեզի կը պատմէ, թէ հողը բոլոր ժամանակներուն համար կը պահուի միայն անոր ձեռքերուն մէջ, որ գիտէ անոր արժէքը, որ գիտէ ցանել ու հնձել, գիտէ մշակել, գիտէ ապրեցնել, գիտէ շատ դառնալ, մեծնալ, ուռճանալ, նետել արմատ ու որոգայթ պատրաստել բոլոր թշնամիներուն համար։

Այսքան երկար տարիներու պայքարներէն ետք, արեան եւ հողի պատմութեան մէջ, մեր էթնիք իմացութեան, իսրայէլացիներու դէմ եղած բողոքներուն, արաբներու վէրքերուն եւ ընդհանուր մեծ գիծերուն մէջ կայ ամենավառ կարմիրը, որ միայն արցունք ու արիւն չէ։

Պերճը իմ հին ընկերս կը հասկնար այդ գիծին տարողունակութիւնը, թերեւս գիւղ առ գիւղ ապրելով եւ գիւղ առ գիւղ իր գաղափարը ցանելով, իր խօսքին մէջ այդ գաղափարին արժէքը զգացնելով ու իր նուիրական կերպարին մէջ այդ ամբողջ զգացումը ապրեցնելով։

Պերճը վաղուց հողին դարձած է, մտած է անոր արմատներուն մէջ, անոր սնունդին, անոր ջուրին, անոր յաւերժութեան մէջ։

Ճիշդ է, որ ան եւ իր նման շատեր ռազմի ճակատին վրայ չանմահացան, բայց կարեւորն այն էր, որ հասկցած էին հողին արժէքը։

Հողը եւ ոսկին միշտ ալ կռիւի մէջ են։

Հողի ընդերքին մէջ, արեան կաթիլներուն, ապրուած քրտինքին, երկրիս մէջ քար մը աւելի տաշելու եւ պատ մը աւելի հիւսելու համար... մինչեւ, որ մեծ լռութեան ժամը հասնի։ Մինչեւ, որ պայքարի նոր էջը բացուի եւ շէնշող ու ապրեցնող երեխաներու ճիչը նորէն տարածուի մեր երկրին մէջ։

․․․․․․․․․․․․․

Կովսականի երազը միայն իմ ընկերներուս երազը չէ։ Անոր մէջ կան մեր թարմ երազներու սպասումները եւ դէպի հողը մեզ տանող շէնշող օրերու մեծ ճանապարհները։  Հողէն եկած սնունդին  համար կռուեցան ու նահատակուեցան մեր ընկերները յաւերժութեան մէջ ակնթարթ մըն է միայն։

Ակնթարթ է այս մեծ պարտութիւնը, որուն մասին հազարաւոր էջեր պիտի գրուին, ու ակնթարթ են գալիք ընտրութիւնները, որ մեզի անպայման նորէն ապրելու, այս հողին համար ապրելու նոր յոյսեր պիտի տան։

Այդ յոյսերուն մէջ կան նաեւ մեծ շահեր, որոնք անպայման չէ, որ տեսանելի են, ու որոնց մասին ձեզմէ շատ շատեր պիտի առարկեն, որ «մեծերու շահերն են ատոնք» եւ «ամէն բան վաղօրօք էր ծրագրուած»։

Կան այդ մութ գիծերը, սակայն երբ բերդը ներսէն կանգուն է, այդ տեսակի բոլոր հաշիւները պիտի մարին։

Պիտի հալին բոլոր նենգութիւնները եւ նահատակներու արիւնը հանգիստ պիտի մտնէ այս հողի ընդերքներուն մէջ, ջուրին հետ խօսի, ջուրին հետ տեղափոխուի, ջուրին հետ շոգիանայ ու դառնայ անձրեւ։

Այդ անձրեւը պիտի թափի մեր արտերուն վրայ ու դարձեալ օրհնէ մեզ։

Պիտի թափի նոր հարսերու ոսկեայ երազներուն վրայ, պիտի թափի տղաբերքի օրը, երբ արգանդները դարձեալ պիտի խայտան ու մեզի նոր հերոսներ բերեն։

Ինչքան կարմիր է արիւնը,այնքան յաւերժական է մեր երկիրը։

Այո՛՝ մեր երկրին վրայ, դեռ ապրելու ժամանակ ունինք, միայն թէ արժեցնենք այդ ժամանակը, արժեցնենք այդ բառը եւ հասկնանք Պերճին եւ մեր բոլոր ընկերներուն խօսքը ...։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...