image

Տէր Արամ քահանայի յայտարարութեան հիման վրայ հաղորդում ներկայացուած է դատախազութիւն

Տէր Արամ քահանայի յայտարարութեան հիման վրայ հաղորդում ներկայացուած է դատախազութիւն

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» (ԻՔՄ) հասարակական կազմակերպութիւնը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւն՝ պահանջելով քննել Յովհաննավանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Արամ քահանայի յայտարարութիւնները։ Այս մասին կը տեղեկանանք ԻՔՄ-ի դիմատետրեան էջէն:

Սեպտեմբեր 16-ին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով Տէր Արամը յայտարարած էր, որ 2021-ին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եղած է պարտադրանք՝ քաղաքական ուժերէն մէկու նախընտրական հանրահաւաքներուն մասնակցելու համար։

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»ն իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ քանի որ հանրահաւաքներուն մասնակցիլ պարտադրելը քրէօրէն պատժելի արարք է՝ համաձայն թէ՛ հին, թէ՛ նոր Քրէական օրէնսգիրքերու, կազմակերպութիւնը սեպտեմբեր 17-ին դիմած է իրաւապահ մարմիններուն։ Կազմակերպութիւնը խնդրած է քննել հրապարակային կարգով եղած այս յայտարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ սա իրենց տիպական գործելաոճն է «ժողովրդավարական կարգին դէմ ուղղուած յանցագործութեան մասին որեւէ հրապարակային խօսք նկատելու բոլոր դէպքերում»։

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորումը» աւելցուցած է, որ ենթադրեալ յանցագործութեան կամ ատոր հնարաւոր կատարողներու մասին որեւէ այլ տեղեկութիւն կամ մանրամասներ չունի։

Կազմակերպութիւնը նաեւ վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ «որեւէ հանրահաւաքի մարդկանց մասնակցել պարտադրելը կամ դրա համար վճարելը յանցագործութիւն է, եւ պետութիւնը պէտք է պայքարի դրա դէմ»։