Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն հայազգի Կարօ Փայլան պիտի չմասնակցի։
Խնդիրն այն է, որ կուսակցութիւնը, որուն շարքերէն է, որ մինչեւ հիմա Փայլան մասնակցած է ընտրութեանց ունի յատուկ օրէնք մը, ըստ որուն երկու անգամ խորհրդարան հասած ցանկացած թեկնածու իրաւասութիւն չունենար մասնկացելու երրորդ ընտրութեան։
Այս բոլորին առընթեր Փայլան օգտուելով իրեն տրուած առիթէն վերջին եզրափակիչ ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ ու ներկայացուցած իր պատկերացումները, այսօր Թուրքիոյ մէջ առկայ վիճակը ու նաեւ ակնկալիքները գալիք խորհրդարանէն։
Այս բոլորին մասին խօսած է մեկնաբան Սագօ Արեան, որ նաեւ կարեւորած է այն ուղենշային կէտերը, որոնց վրայ ալ Փայլան հիմնած է իր խօսքն ու առաջ տարած իր գործունէութիւնը։
Ժողովրդավար, արդար եւ արդիական համակարգ ունեցող Թուրքիա, որուն մէջ հաւաւսար իրաւունքներ պիտի ունենան անխտիր բոլոր քաղաքացիները, որոնց շարքին ալ մեր հայ հայրենակիցները։
Եթերն այս թեմաներուն մասին է առհասարակ, շեշտելով անշուշտ, որ հայութիւնը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ հարկադրանքի մը տակն է, իրողապէս ճանչնալու տեղի ունեցող մեծ գործընթացները ու նաեւ առաջ շարժուելով հաշուի առնելով կարեւորագոյն գործօնները։
Մնացեալը ՝ տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։