ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ ամերիկեան Moderna ընկերութեան պատուաստանիւթով: Այս մասին կը յայտնէ RT-ն՝ յղում տալով Կութերեշի խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիքին:
Նշուած է, որ պատուաստումը տեղի ունեցած է 28 յունուարին Նիւ Եորքի դարմանատուներէն մէկուն մէջ:
«Որքան կը յիշեմ, ան պատուաստուեցաւ Moderna պատուաստանիւթով», - ըսած է Տիւժարիկը:
Ան բացատրած է, որ սա պատուաստման առաջին փուլն է: Գլխաւոր քարտուղարը պէտք է մէկ այլ դեղաչափ ալ ստանայ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ