image
Հրատապ լուրեր:

Կութերեշ պատուաստուեցաւ «Մոտէրնա»ի պատուաստով

Կութերեշ պատուաստուեցաւ «Մոտէրնա»ի պատուաստով

 

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ ամերիկեան Moderna ընկերութեան պատուաստանիւթով: Այս մասին կը յայտնէ RT-ն՝ յղում տալով Կութերեշի խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիքին:

Նշուած է, որ պատուաստումը տեղի ունեցած է 28 յունուարին Նիւ Եորքի դարմանատուներէն մէկուն մէջ:

«Որքան կը յիշեմ, ան պատուաստուեցաւ Moderna պատուաստանիւթով», - ըսած է Տիւժարիկը:

Ան բացատրած է, որ սա պատուաստման առաջին փուլն է: Գլխաւոր քարտուղարը պէտք է մէկ այլ դեղաչափ ալ ստանայ: