image

Կուաթէմալայի որբանոցին մէջ հրդեհ բռնկած է. Կայ 19 զոհ եւ վիրաւորներ

Կուաթէմալայի որբանոցին մէջ հրդեհ բռնկած է. Կայ 19 զոհ եւ վիրաւորներ

Կուաթէմալայի որբանոցներէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է, ինչի հետեւանքով 19 մարդ մահացած է եւ 25՝ վիրաւորուած: Այս մասին կը հաղորդէ «rt.com»ը, նշելով, որ հրդեհը պատահած էր առաւօտեան ժամերուն, սակայն պատճառը դեռ բացայայտուած չէ:

Դէպքի վայր գտնուող կամաւոր հրշէջներէն մէկուն խօսքով, որբանոցի 11 աղջիկներ տեղափոխուած են «San Juan de Dios» կեդրոնական հիւանդանոց, որոնցմէ 9-ին վիճակը ծանր է: Իսկ առաջին եւ երկրորդ կարգի այրուածք ստացած 6 երեխաներ տեղափոխուած են Ռուզվէլթի հիւանդանոց: 


Կը նշուի, որ որբանոցը գերբնակեցուած եղած է, այնտեղ նաեւ շատ բռնութիւններ ու բազում փախուստի դէպքեր գրանցուած են։