image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա հարուածեց Քիեւը. Կան վիրաւորներ 

Ռուսիա հարուածեց Քիեւը. Կան վիրաւորներ 

Ռուսիոյ զինուած ուժերը բարձր ճշգրտութեան զէնքով խմբակային հարուած հասցուցած են Ուքրանիոյ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութեան։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ՊՆ-ն:

«Այս գիշեր Ռուսիոյ ԶՈւ-ն ցամաքային տեղակայման բարձր ճշգրտութեան զէնքով եւ անօդաչու թռչող սարքերով խմբակային հարուած հասցուցած է Ուքրանիոյ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութեան, որ կը թողարկէ հրթիռային զէնք եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաև ռատիոտեխնիկական հետախուզութեան կեդրոնին եւ ԱՄՆ արտադրութեան «Patriot» զենիթահրթիռային համալիրի դիրքին», -ըսուած է Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութեան ամփոփագրին մէջ:

Նախարարութենէն նշած են, որ թիրախաւորուած հարուածները հասած են նպատակին, բոլոր նշանակուած կառոյցները խոցուած են։