Առատ ձիւնի պատճառով ՀՀ Զինուած ուժերու նորակոչիկներու երդման արարողութիւնները յետաձգուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ երդման արարողութիւններու յետաձգումը, տեսակցութիւններու սահմանափակումը, ազատ արձակումներն ու արձակուրդներու տրամադրման ժամանակաւորապէս արգելքը պայմանաւորուած է եղանակային անբարենպաստ պայմաններով, ինչպէս նաեւ անձնակազմի շրջածիրէն ներս կանխելու սուր շնչառական վարակներու ներթափանցումը եւ տարածումը։
«Կազմակերպուող բոլոր միջոցառումների նպատակը զինծառայողների առողջութեան պահպանումն է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ առատ ձիւնն անբարենպաստ պայմաններ ստեղծած է հանրապետութեան մէջ։ Շարք մը ճանապարհներ փակուած են, դպրոցներու մէջ դասերը յետաձգուած են, իսկ բուհերու մէկ մասն անցած է հեռավար ուսուցման։