image

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է ՀՀ բանակի նոր զինանշանը

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է ՀՀ բանակի նոր զինանշանը

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է բանակի արդիականացուած նոր զինանշանը։ Նախարարութենէն պարզաբանած են, որ բանակի կերպափոխման պարունակին մէջ նախաձեռնուած է զինանշանի սրբագրման գործընթացը, քանի որ 2001-ին հաստատուած նախկին տարբերակին մէջ առկայ էին  շարք մը զինանշանագիտական, ձեւաբանական եւ գաղափարաբանական թերութիւններ։

Նախարարութեան հիմնաւորմամբ՝ նախկին զինանշանի հիմնական կերպարը՝ արծիւը, ունէր հերալդիկ (զինանշանագիտական) եւ գեղագիտական էական թերութիւններ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մանրամասնած է, որ արծիւը պատկերուած էր փակ կտուցով, որ զինանշանագիտութեան մէջ կը համարուի հանգիստ, ոչ մարտական վիճակ եւ յաճախ կ՚ընկալուի որպէս անշունչ կերպար։ Բացի այդ, ըստ պարզաբանման, կը բացակայէր արծիւի հիմնական մարմինը՝ իրանը, որ ձուլուած էր ընդհանուր մակերեսին, ինչպէս նաեւ կը բացակայէին անոր վերջոյթները, զէնքը, ինչն անթոյլատրելիօրէն կը ստեղծէր անդամահատուած, անզօր եւ խոցելի էակի տեսք։

Պաշտպանական գերատեսչութիւնը նաեւ մատնանշած է, որ նախկին զինանշանին մէջ սուրը տեղադրուած էր վահանի ետեւը, որ զինանշանագիտութեան մէջ պաշտպանութեան ոչ պատրաստ ըլլալու նշան է եւ կը հակասէ ՀՀ բանակի՝ մշտապէս պատրաստ ըլլալու առաքելութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան պարզաբանման, նախկին տարբերակին մէջ առկայ էր պետական դրօշի պատկերման կոպտագոյն սխալ. այն ներկայացուած էր ոչ թէ որպէս մէկ ամբողջութիւն, այլ մասնատուած էր առանձին ժապաւէններու կամ կտորներու, որ խորհրդաբանօրէն կրնար մեկնաբանուիլ որպէս պառակտուած կամ ոչ ամբողջական պետականութիւն։

Նոր զինանշանի կառուցուածքը բացատրելու ժամանակ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ կեդրոնական կերպարը՝ արծիւը, վերաիմաստաւորուած է եւ պատկերուած է լիակատար, կենդանի ու ամբողջական մարմնաւորմամբ, ուր յստակ կ՚երեւին գլուխը, մարմինը, թեւերը եւ ճանկերը։ Նախարարութեան պարզաբանմամբ՝ արծուի կտուցն այժմ բաց է, որ զինանշանագիտութեան մէջ կը խորհրդանշէ կենսունակութիւն, պատրաստակամութիւն, զգօնութիւն, խօսքի եւ ուժի իրաւունք։ ՊՆ-ն ընդգծած է, որ արծիւի ետեւը շողացող շրջանաձեւ ոսկեգոյն արեւը հանդէս կու գայ որպէս լոյսի եւ կենսունակութեան խորհրդանիշ՝ մարմնաւորելով հայ ժողովուրդի յարատեւման գաղափարը։

Ըստ գերատեսչութեան նկարագրութեան՝ արծիւի կուրծքին տեղադրուած է կլոր ոսկեգոյն վահան՝ հայկական ութաթեւ արեւախաչով, իսկ կեդրոնին՝ սերմնահատիկով, որ կը մարմնաւորէ ապագայ զինուորները։ Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ արծիւն իր ճանկերուն մէջ բռնած է պատմական նշանակութիւն ունեցող զէնքեր. ձախին՝ ոսկեգոյն սուր, որ կը խորհրդանշէ միշտ պատրաստ կարգավիճակը, իսկ աջին՝ բանակի պահապան Աշոտ Երկաթի սուրբ խաչը։ Վերջաւորութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ զինանշանի վերին հատուածին մէջ պատկերուած ՀՀ պետական դրօշի եռագոյնը եւ քարտէզը ներդաշնակօրէն կ՚ընդգծեն բանակի դերը՝ որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր, փաստելով, որ բանակին մէջ ընթացող բարեփոխումները կը շարունակուին։