Իրանը պատրաստ է լիակատար պաշտպանութեան, եթէ Միացեալ Նահանգները «դաւաճանէ» ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին յուշագիրը։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը։
Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգները, Թեհրանի խնդրանքով, համաձայնած է շարունակել Իրանի հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները։
Միաժամանակ Թրամփ նշած էր, որ Միացեալ Նահանգները յստակ կերպով տեղեկացուցած է Իրանին, որ զինադադարը այլեւս ուժի մէջ չէ։