image

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (16)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (16)

Բանագողութեան մը առթիւ

1951-ին «Նայիրի»-ն իր մարտ-ապրիլի թիւը նուիրեց Եղիվարդի  ենթադրեալ    բանագողութիւններուն, որոնք երեւան հանուած էին՝ այն օրերուն հազիւ 24 տարեկան  Պօղոս Սնապեանի կողմէ: Իրողութիւնը շշմեցուցիչ էր, բերքը առատ ու ծաւալուն՝ բառեր, բառակապակցութիւններ, տողեր, պարբերութիւններ...

Ինքս  այն օրերուն բաւարար հասունութիւն չունէի`թափանցելու համար   հարցերու էութեան ու հանելու սեփական եզրակացութիւնս. հոգի կու տայի բանաստեղծութեան, եւ ինծի համար նուիրական էին բոլոր անոնք, որոնք կը յաջողէին քանի մը տող ու յանգ կցմցել իրարու, ա՛լ ուր մնաց թէ ամբողջ գիրքեր գրած ըլլային: 

Իսկ Եղիվարդ այս վերջիններէն էր:

Երկու տարի  ետք «Հայկարան»-ի  Զ. կարգին  ունեցանք անոր «Օրերը» քերթուածը, որ Սնապեանի թիրախներէն մէկն էր: Ուղղակի հարբած էի այս քերթուածով. խրախճանք մըն էր անոր ընթերցումը, աւելի եւս վերծանումը ու անհուն վայելք մը՝ անոր իւրացումն ու...արտասանութիւնը: Չէի յաջողեր երեւակայել, որ մարդկային հանճարը կարենար այդքան գեղեցկութիւն դնել այդքան  կարճ՝ ընդամէնը 12 տողի  մէջ, եւ մինչեւ այսօր ալ կ’ապրիմ այդ նոյն տպաւորութեան կախարդանքին տակ:

Ժամանակին հետ աւելի լաւ ճանչցայ բանաստեղծ  Եղիվարդը ու անոր գործերը:

Ու հետզհետէ սկսաւ տեղ ընել մէջս հարցում մը, թէ որքանո՞վ կ’արդարանային Սնապեանի վերագրումները, մանաւանդ Օշականէն կատարուած բանագողութիւնները: Այսօր բաւական լաւ կը ճանչնամ Օշականն ալ,   եւ անոնց  գրականութեանց  միջեւ  որեւէ հասարակաց գիծ չեմ գտներ. երկու բոլորովին տարբեր աշխարհներ են: Եղիվարդ  պիտի բանագողէր Օշականի անհրապոյր  ու անարուեստ տողերը՝  ճիշդ ի՞նչ շահելու  համար:   

Հետաքրքրական չէ, ու պիտի չփորձեմ փնտռել Նայիրի»-ի յիշեալ թիւը ու նոր հետազօտութիւններ  կատարել: Ո՞ւր հասնելու համար: Ստորեւ կը մէջբերեմ  «Օրերը» եւ   անոր  ենթադրեալ անգլերէն բնագիրը, որպէսզի ընթերցողը նախաճաշակ մը ունենայ Սնապեանի «յայտնաբերութեանց» բնոյթին, որակին ու տարողութեան մասին:

«Օրերը»: Օրերն անդարձ, խոստմնադրուժ ճամբորդներ են, 

Որոնք, նման տերվիշներու, բոկոտն անձայն, 

Ժամանակի անծայր ճամբէն կ’անցնին-կ’երթան:

Ձեռքերուն մէջ իրենց ունին թագ ու աստղեր 

Եւ շրթներուն՝ իմաստութիւն, վիշտ ու ծիծաղ,– 

Մեծ իղձերու անոնք աներգ մեռելաթաղ:

Ոչինչ մնաց, անցեալի դուռն է յաւէտ փակ, 

Եւ մանկութիւնս՝ հեռու պարտէզ կախարդական: 

Մեկնող օրեր զիս խաբեցին ու ետ չեկան:

Բայց կը սպասեմ ես տակաւին իրենց դարձին՝ 

Ստանալու խոստումն անուշ, որ կ’ուշանայ,

Մինչ երկինքը կ’ըլլայ օրուան դագաղն անհուն:

                                                            Եղիվարդ (1910−1990)

 

«DAYS».  Daughters of time, the hypocritic days,

Muffled and dumb like barefoot dervishes,

And marching single in an endless file,

Bring diadems and fagots in their hands.

To each they offer gifts after his will,

Bread, kingdoms, stars and sky that holds them all.

I, in my pleached garden, watched the pomp,

Forgot my morning wishes, hastily

Took a few herbs and apples, and the day

Turned and departed silent. I, too late,

Under her solemn fillet saw the scorn.

                                                           Ralph Waldo (1803−1882)

 

Այո, առաջին մէկ-երկու տողերուն մէջ կը գտնենք «Օրերը» հասարակաց  խորագիրը, ինչպէս նաեւ քանի մը հասարակաց բառեր, որոնք որեւէ սիրուած կտորի պարագային կրնային հեշտութեամբ տպաւորել ընթըրցողը եւ անցնիլ անոր սեփական գրութեան մէջ : Սակայն 99 տոկոսով տարբեր բովանդակութիւն ու յղացք ունին այս երկուքը, ուր ակնբախ է Եղիվարդի արուեստին  բացարձակ գերազանցութիւնն ու  կառուցային անկրկնելի ազնւութիւնը: Եւ կարելի չէ հարց չտալ, թէ յիշեալ քանի մը հանգիտութիւնները իրապէս կը թոյլատրէի՞ն, որ Սնապեան  այնքան բարձրագոչ   շեփորէր ի լուր աշխարհին՝  բանագողութեան մասին,  հոն ուր  դէմ-յանդիման կը գտնուինք ստեշծագործական այնքան ինքնուրոյն ու եզական գլուխ գործոցի մը:   

Աշխարհի բոլոր գրականութիւնները կը պարզեն հանգիտութեանց նման օրինակներ, եւ   բանագողութեան ամբաստանութեան տեղիք   չեն տար անոնք :

Անշուշտ այս պարագային կարելի է նաեւ որոշ չափով զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս Ծառուկեան հիւրընկալած է Սնապեանի  «գիւտերը», երբ  կարելի էր նաեւ չհրատարակել զանոնք, եւ հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը ոչինչ պիտի կորսնցնէին ատկէ: Առաւել եւս ինքը՝ Սնապեանը, որ կրնար հետագային աւելի ազնիւ հիմքերու վրայ հաստատել իր գրականութիւնը:

Ցաւալի է նկատել, որ Սնապեան իր աւելի քան երեսուն անուն գործերուն եւ հարիւրաւոր յօդուածներուն առթիւ գրիչը մելանին թաթխած է մի՛այն բացասական երեւոյթ  մատնանշելու համար: Շատ դժուար պիտի գտնէք,− եթէ իրապէս յաջողիք գտնել,−  իրմէ  գրութիւն մը, ուր Սնապեան  մեր կեանքին մէկ դրական երեսի սեւեռումէն դրդուած գրիչ բռնած  ըլլայ: Եւ ան այսպէս ալ վատնեց  իր  անչափելի  կորովն ու  անվիճելի տաղանդը՝ միշտ բացասականին հետամուտ, մինչ իր բարեկամներն ու սրտակիցները ի զուր  կը սպասէին այն գլուխ գործոցին, որ Սնապեան պիտի վերջապէս արտադրէր ու անմահացնէր իր անունը:

Նման գործ մը երբեք ալ ծնունդ չառաւ:

Եւ այս պահուս դժուար կը պատկերացնեմ այն օրը, ուր ապագայ  հայ գրասէրներ քով-քովի գան ու ծրագրեն վերահրատարակել Սնապեանի մէկ գործը: 

Վերահրատարակել ո՞ր մէկը եւ ի՞նչ բանի համար:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com