Ընթերցումներս (36)
Կրկնաբանութիւն
Կրկնաբանութիւնն ու հայ մատենագիրները (բ)
Հակառակ այն մեծ բծախնդրութեան, որ մեր մատենագիրները ի գործ դրած են՝ խուսափելու համար կրկնութիւններէ, ինչպէս տեսանք մեր նախորդ յօդուածով, այսուհանդերձ միշտ կարելի չէ եղած պայքարիլ անոնց դէմ:
Ստորեւ տեսնենք այդպիսիներէն քանի մը օրինակներ:
* * *
Ասոնք ընդհանրսպէս կրկնաբանութեան այն տեսակն են, որ միաժամանակ աւելորդաբանութիւն է:
***Ի պտղոյն ծառոյն՝ մի՛ ուտիցէք ի նմանէ (Ծնունդք, 3/3):
---Բառացի՝ «Ծառին պտուղէն մի՛ ուտէք անկէ»:
Պարզ է, որ աւելորդ է անկէ բացառականը, որ կը նշէ «պտուղ» գոյականը: Ան այստեղ կը կատարէ մասնական ուղիղ խնդիրի պաշտօնը, որ առկայ է բացառական հոլով դրուած պտուղէն գոյականով:
Հետեւաբար՝ անկէ բոլորովին աւելորդ կրկնութիւն մըն է:
---Ուրեմն՝ «Ծառին պտուղէն մի՛ ուտէք»:
***Մարդոյ որպէս խոտոյ են աւուրք իւր (Սաղմոս, 102/15):
Այստեղ իւր սեռական դերանունը կը կրկնէ «մարդոյ» սեռականը, որ յատկացուցիչն է «աւուրք» գոյականին:
Բառացի՝ «Մարդու իր օրերը խոտի նման են»:
---Ուրեմն՝ «Մարդու օրերը խոտի նման են»:
***Քանզի ամենայն մարդ որում ետ նմա Աստուած մեծութիւն... (Ժող., 5/18):
՝ Կրկնուողը որում տրական հոլով յարաբերական դերանունին կից նմա տրական հոլով անձնական դերանունն է:
Բառացի՝ «Քանզի ամէն մարդ, որուն Աստուած մեծութիւն տուաւ անոր»:
---Ուրեմն՝ «Քանզի ամէն մարդ, որուն մեծութիւն տուաւ Աստուած...»:
***Եւ էր այր մի, յորում այս պիղծ գոյր ի նմա (Մարկոս, 1/23):
Աւելորդաբար կրկնուած է յորում ներգոյական հոլով յարաբերական դերանունին կից «ի նմա» ներգոյական հոլով անձնական դերանունը՝ նոյն պաշտօնին համար:
---Հետեւաբար՝ «Եւ կար մարդ մը, որ իր մէջ պիղծ սատանայ ունէր»:
Ծանօթ.- Աստուածաշունչը այս-ը թարգմանած է «ոգի»:
***Զի տեղին, յորում կաս դու ի դմա՝ երկիր սուրբ է (Ելք, 3/5):
Այստեղ նո՛յն յորում ներգոյականին կից աւելորդաբար կրկնուած է «ի դմա» ցուցական դերանունին ներգոյականը:
---Ուստի՝ «Այն տեղը, ուր դուն կը գտնուիս, սուրբ հող է»:
* *
***Եւ ոչ առ թանձրալեզուս, զորոց ոչ լսիցես զբանս նոցա... (Եզեկիէլ, 3/6):
---Եւ ոչ խրթնալեզու (ազգերու), որոնց խօսքը չես հասկնար...
***Աստուած, որոյ ճշմարիտ են գործք նորա (Երկրորդումն օրինաց, 32/4):
---Աստուած, որուն գործերը կատարեալ են:
***Ո ոք իցէ ի ձեզ յամենայն ժողովրդեան Տեառն, ընդ որում է Աստուած նորա ի նմա (Եզր, 1/3):
---Ով որ ձեզմէ Տիրոջ ժողովուրդէն է, Աստուած իր հետ ըլլայ:
***Եւ յարեան իշխանք... զորոց զարթոյց Տէր Աստուած զոգիս նոցա (անդ, 5):
---Եւ վեր կեցան այն իշխանները...որոնց հոգին արթնցուց Աստուած:
***Եւ կանեփուկն թուփ ինչ է, որոյ սերմն նորա դեղ է (Եզնիկ):
---Եւ կանեփուկը թուփ մըն է, որուն սերմը դեղ է:
***Ամենայնի որ լսիցէ զնոսա՝ հնչեսցին երկոքին ականջօք իւր (Եղիշէ, Է):
---Պիտի հնչեն երկու ականջներուն անոր, որ պիտի լսէ զանոնք:
***Որոյ պատուական մարմին նորա եդեալ կայ ի յերկիրն (Յովհ. Ծառեցի):
---Որու պատուական մարմինը դրուած է հողին մէջ:
* * *
Բերուած օրինակներուն մէջ ընդհանրապէս ունինք հոլովեալ գոյական մը կամ յարաբերական դերանուն մը, որ անդին կը կրկնուի նոյն հոլովը կրող որեւէ այլ դերանունով մը:
Լեզուաբան Վարագ Առաքելեան, Ե. դարու մատենագիրներուն նուիրուած աշխատութեան մը մէջ, ակնարկելով այս տիպի կրկնաբանութեանց, կը յայտնէ այն միտքը, թէ այս ոճը ժառանգուած է եբրայերէնէ: Արդ, տրուած ըլլալով, որ մեր մատենագիրները եբրայերէնի հետ չեն առնչուած, իսկ «Աստուածաշունչ»-ը թարգմանուած է ասորական եւ յունական բնագրերու հիմամբ,- պէ՞տք է ենթադրել, թէ այդ երկու թարգմանութիւնները իրենց կարգին ժառանգած էին քննութեան առարկայ կրկնաբանութիւնը: Ասոնք հարցեր են, որոնց պատասխանը կրնան ունենալ միայն ասորագէտներն ու յունագէտները:
* * *
Ասոնց նմանակութեամբ կը գտնենք նաեւ այնպիսիները, որոնց յարաբերական դերանունը չէ հոլովուած. օրինակ՝
***Ես Մսրայ թագաւորն էի, որ չկայր ինձ նման» («Ֆրիկ):
Անհոլով մնացած է «որ» յարաբերականը, աւելորդ է ինձ տրականը:
Պէտք է ունենայինք՝ «Ես Մսրայ թագաւորն էի, որու նման չկար»:
Հաւանաբար այսպիսիներու համաբանութեամբ աշխարհաբարի մէջ ալ յառաջացած են սապիսիները.
«Լեզուն, որով գրեցի, երկրի երեսը քիչեր»
«Կը կարդային զայն արդէն, ու պակսեցան անոնք ալ...» (ՎԹ):
Ուր զայն դերանուն ուղիղ խնդիրը կը կրկնէ լեզուն գոյական ուղիղ խնդիրը:
***Ուղեւորը տեսաւ տղուն, որ այժմ իր անձկութիւնը քիչ մը խաղաղած էր («Նայիրի», 1-1-1956, էջ 8բ):
Ուղեւորը տեսաւ տղան, որուն անձկութիւնը քիչ մը խաղաղած էր:
Ուղեւորը տեսաւ, որ տղուն անձկութիւնը քիչ մը խաղաղած էր:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com