Խափանուած է Սեւանի բանտ թմրամիջոցներու փոխանցումը:
Սոյն թուականի 20 մայիսին՝ ժամը 23:20-ի սահմաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան «Սեւան» քրէակատարողական հիմնարկի պահակէտերէն մէկու ծառայողէն ահազանգ ստացուած է այն մասին, որ 2-րդ մասնաշէնքի ետնամասին մէջ կը նկատուի դատապարտեալի շարժ: Ահազանգէն անմիջապէս ետք ծառայողները ներկայացած են նշուած վայր, սակայն՝ ոչ մէկը տեսաած: Տարածքին մէջ իրականացնելով մանրակրկիտ զննութիւն՝ յայտնաբերած են կպչուն ժապաւէնով պարուրուած 2 փաթեթ:
Փաթեթներէն մէկուն մէջ առկայ եղած են մարիխուանա տեսակի թմրամիջոցին նմանող, 5,9 եւ 2,9 կրամ, ինչպէս նաեւ հաշիշին նմանող, 16 կրամ առանձնացուած զանգուածներ, բջիջային հեռախօս, USB լար:
Միւսին մէջ յայտնաբերուած են մարիխուանա տեսակի թմրամիջոցին նմանող, 22,7 եւ 0,9 կրամ դեղնականաչաւուն, առանձնացուած զանգուածներ, թմրամիջոց հանդիսացող «B 8» մակնշմամբ 1 դեղահապ, 4 ամբողջական եւ 1 կոտրուած ապակեայ դատարկ գլանակներ, ինչպէս նաեւ մէկական բջիջային հեռախօս, USB լար, ականջակալ եւ բջիջային հեռախօսի ստեղնաշարի մասեր:
Փաստի առթիւ կը նախապատրաստուին նիւթեր, նշանակուած է դատաքիմիական փորձաքննութիւն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ