Այսօր Սեւանայ լիճին մէջ պատանի մը ջրահեղձ եղած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com-ը։ Ողբերգական դէպքը տեղի ունեցած է առաւօտեան։ 10։30-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Սեւանայ լիճին մէջ՝ Չկալովկա գիւղի մօտ, լճափին պատանի կորսուած է։
Դէպքի վայր ժամանած են ջրասուզակը եւ Սեւանի հրշէջ փրկարարական ջոկատի դաշտային խումբը։
Որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ Սեւանայ լիճէն դուրս բերած են 16 տարեկան տղան։ «Սեւան» բժշկական կեդրոնի շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը ցուցաբերած է առաջին բուժօգնութիւն, սակայն երեխայի կեանքը փրկել չեն կրցած։
Դէպքի փաստով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։