Քիշնեւի մէջ առնուազն սահմանազատման հարցով եւ 1975 թուականի քարտէզի մասով որոշակի առաջընթաց ունինք։ Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմայով բանակցութիւններուն Մոլտովայի մէջ։
Ըստ անոր՝ իտէալական կ'ըլլայ եթէ վերջնական համաձայնութիւն ըլլար այս մասով։
Գրիգորեանը նշած է, որ «շարունակելու ենք բանակցութիւնները, որպէսզի հասնենք դրան»։
«Բանակցութիւնները շատ ինտենսիւ են ընթանում։ Եւ եթէ մենք այս ինտենսիւութիւնը կարողանանք պահպանել, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան ուժեղ աջակցութիւնը լինի, ապա հնարաւորութիւն կայ տարեվերջին ունենալ այդ խաղաղութեան պայմանագիրը»,- ընդգծած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։
«Մենք տրամադրուած ենք այսպէս՝ հնարաւորինս շուտ։ Այդ «հնարաւորինս շուտ»-ը կարող է լինել օրինակ տարուայ ընթացքում։ Բայց կարող է մինչեւ տարեվերջ ձգուել։ Բայց մեր տրամադրուածութիւնն այնպիսին է, որ գտնենք լուծումներ։ Եւ այդ լուծումների շրջանակում առաջ տանենք խաղաղութեան օրակարգը եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ունենանք»,-ըսած է գերատեսչութեան քարտուղարը։