image

Սեպտեմբեր 21-ին շարք մը պատմամշակութային վայրեր բաց պիտի ըլլան մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր

Սեպտեմբեր 21-ին շարք մը պատմամշակութային վայրեր բաց  պիտի ըլլան մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր

 

Հայաստանի Անկախութեան տօնին՝ 21 Սեպտեմբերին, շարք մը պատմամշակութային վայրեր այցելուներու համար բաց պիտի ըլլան յատուկ աշխատանքային ժամանակացոյցով։ Այս մասին կը յայտնէ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը։

Ամբերդը պիտի գործէ ժամը 10։00-էն մինչեւ 19։00, Բջնիի ամրոցը՝ 10։00-էն մինչեւ 18։00, իսկ Գառնիի տաճարը՝ 09։00-էն մինչեւ 22։30։

Զուարթնոցի տաճարի տարածքը բաց պիտի ըլլայ ժամը 10։00-էն մինչեւ 22։00, սակայն ցուցասրահը փակ պիտի ըլլայ։

Զօրաց քարերը այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլան ժամը 09։00-էն մինչեւ 21։00, իսկ Լոռի բերդը՝ 10։00-էն մինչեւ 18։00։