Իսրայէլի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, որ նախատեսուած էր յաջորդ շաբաթ Հռոմի մէջ, յետաձգուած է մինչեւ Հոկտեմբեր։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ յայտնած է «Axios» հարթակի եւ Իսրայէլի 12-րդ հեռուստաալիքի թղթակից Պարաք Ռաւիտը։
Անոր աղբիւրին հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի եւ Լիբանանի բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, որ նախատեսուած էր յաջորդ շաբաթ Հռոմի մէջ, յետաձգուած է։
«Փոխարէնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի դեսպանները պիտի հանդիպին Ուաշինկթընի մէջ՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, քննարկելու վերջին զարգացումները եւ երկու երկիրներուն միջեւ շրջանակային համաձայնութեան իրականացումը», նշուած է հրապարակման մէջ։
Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ պաշտօնական բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի կայանայ Հոկտեմբերին՝ Հռոմի մէջ։ Հարթակին տեղեկութիւններով՝ պատճառը կողմերուն նախապատրաստուիլն է այլ միջոցառումներու, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բարձրաստիճան շաբթուան։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ «Al Jazeera» հեռուստաալիքը յայտնած էր, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը կը ծրագրէին Սեպտեմբեր 15-16-ին կայացնել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նուիրուած բանակցութիւններու ութերորդ փուլը։ Կողմերը պէտք է քննարկէին Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակի վերահսկողութեան տակ նոր փորձնական գօտիներու ստեղծումը։
Նախորդ փուլը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 4-6-ին։ Այն ընդհատուած էր Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած զինուած սադրանքին պատճառով։