image

Խաղաղապահները շարասիւնով կը մեկնին դէպի Ռուս-թրքական դիտորդական կէտ (Տեսանիւթ)

Խաղաղապահները շարասիւնով կը մեկնին դէպի Ռուս-թրքական դիտորդական կէտ (Տեսանիւթ)

Ռուս զինծառայողները սկսած են հաստիքային սարքերով երթը դէպի Արցախի հանրապետութեան Քիյամադդինլի շրջան, ուր պիտի տեղակայուի ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի վրայ հրադադարի ռեժիմի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու  վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնը: Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ-ն:

Մի քանի օրուայ ընթացքին Ստեփանակերտ գտնուող ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կայանին մէջ զինծառայողները կ'ուսումնասիրէին Համատեղ կեդրոնի աշխատանքի կազմակերպման կառուցուածքը, նպատակը, խնդիրները, կարգը եւ գործառոյթները, ինչպէս նաեւ` այն երկրի մշակոյթը, աւանդոյթներն ու առանձնայատկութիւնները, որու տարածքին մէջ անոնք պէտք է կատարէին առաջադրանքները:

Համատեղ կեդրոնի անձնակազմը, որ հաւասարապէս ներկայացուած է ռուսական եւ թրքական կողմերէ, պիտի իրականացնէ իրավիճակի մոնիթորինկի (հսկողութեան) եւ հրադադարի ռեժիմի վերահսկման առաջադրանքերն անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով: