Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ բռնագրաւուած Արցախի մէջ պիտի մասնակցին Քաշաթաղի մէջ նոր միջազգային օդակայանի բացման արարողութեան, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Օդակայանը կը գտնուի 1800 մեթր բարձրութեան վրայ, այն կը գտնուի Բերձորէն 30 քմ, Քարվաճառէն 60 քմ եւ Շուշիէն 70 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Ատրպէյճանը ատոր կառուցումը սկսած է 2021-ին:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մայիսի 27-ին մեկնած է բռնագրաւուած Արցախի տարածքներ: Ան մասնաւորապէս այցելած է Քաշաթաղ, ուր մասնակցած է կարի գործարանի եւ կօշիկի գործարանի մասնաճիւղի բացման:
Ատրպէյճանը Քաշաթաղի մէջ հիմնած է գիւղատնտեսական արդիւնաբերական համալիր, որու տարածքին մէջ կը գործէ 12 ձեռնարկութիւն։