image

Յորդանանը եւ ԱՄԷ-ն մարդասիրական օգնութիւնը Կազայի բնակիչներուն օդապարիկով պիտի հասցնեն

Յորդանանը եւ ԱՄԷ-ն մարդասիրական օգնութիւնը Կազայի բնակիչներուն օդապարիկով պիտի հասցնեն

Իսրայէլ շուտով պիտի արտօնէ Յորդանանին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն օդապարիկներով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազայի գօտիի բնակիչներուն։ Այս մասին յայտնած է պաղեստինեան տարածքներու մէջ քաղաքացիական հարցերով զբաղող իսրայէլեան բանակի ստորաբաժանման ներկայացուցիչը։

Ինչպէս կը հաղորդէ The Times of Israel-ը՝ յղում ընելով իսրայէլեան պաշտօնեաներուն, Յորդանանը պիտի ըլլայ առաջին երկիրը, որ այս ձեւով օգնութիւն պիտի հասցնէ։ Նշուած է, թէ այդ կրնայ արդէն տեղի ունենալ Ուրբաթ օր։

Անցեալ տարուան գարնան սկիզբը ամերիկեան եւ բրիտանական զինուորականները սնունդ փոխանցած էին Կազա՝ օդապարիկներով, համագործակցելով Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի հետ։

«Համաս»-ը, Կազայի բնակիչները, բազմաթիւ օտարերկրեայ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան խմբաւորումներ ամիսներէ ի վեր կը յայտարարեն, որ Իսրայէլի կողմէ սնունդի մատակարարման սահմանափակումներուն պատճառով Կազայի բնակչութիւնը կը գտնուի սովի վտանգի տակ, եւ արդէն իսկ մարդիկ սովամահ կը դառնան։ Իսրայէլ կը մերժէ այս մեղադրանքները եւ կը պնդէ, թէ մատակարարումներու սահմանափակում չի կատարուիր։