Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակը հրատապ նախազգուշացում յղած է Կազայի բնակիչներուն:
«Իսրայէլեան բանակը սկսած է ոչնչացնել «Համաս»-ի ենթակառուցուածքները, եւ քաղաքը յայտարարուած է վտանգաւոր գօտի: Բնակիչներուն կոչ կ՚ըլլայ տարհանուելու հարաւ՝ ափամերձ ճանապարհով, որ արդէն օգտագործած է բնակչութեան 40%-ը», - գրած է Աւիչայ Էտրայը: