Ուքրանիոյ Սումիի մարզին մէջ պարտադիր տարհանում յայտարարուած է. Այն կը վերաբերի շրջանի 213 բնակավայրի՝ յայտնած է Սումիի շրջանային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Օլեկ Կրիկորովը։
«Որոշումն ընդունուած է՝ հաշուի առնելով քաղաքացիական բնակչութեան կեանքին սպառնացող մշտական վտանգը սահմանային շրջաններու մէջ հրետակոծման հետեւանքով»,- նշած է պաշտօնեան։
Օրեր առաջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հաստատած էր Ռուսիոյ կողմէ Սումիի շրջանի վրայ յարձակման նախապատրաստումը: Անոր խօսքով՝ ռուսական ուժերը կեդրոնացած են Քուրսքի մարզի մէջ, սահմանի մօտ կը շարունակուի զօրքերու կուտակումը։ Անոնց թիւը Սումիի ուղղութեամբ, ըստ Զելենսքիի, աւելի քան 50 հազար է: