image

«Կարմիր գիրք»ի Բեզոարեան այծի որս. Կայ ձերբակալեալ

«Կարմիր գիրք»ի Բեզոարեան այծի որս. Կայ  ձերբակալեալ

2 յուլիսին, ոստիկանութեան Վայոց ձորի մարզային վարչութեան եւ Եղեգնաձորի բաժնի ծառայողները տուեալներ ստացած էին, որ «Հայանտառ» ՊՈԱԿ (Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն) մասնաճիւղերէն մէկուն տնօրէնը Ելփին գիւղի «Արդարազ» կոչուող տարածքին մէջ բեզոարեան այծ որսացած է եւ «ՈւԱԶ» ինքնաշարժով կ'երթայ դէպի Ելփին: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Ոստիկանութիւնը։

Ոստիկանութիւնը Վայոց ձորի մարզի տարածքային բաժնի աշխատակիցներուն հետ փորձած են կանգնեցնել «ՈւԱԶ» ինքնաշարժը Ելփին բնակավայրի «Զաղա» կոչուող տարածքին մէջ: Վարորդը ինքնաշարժը ձգած է Ելփինի «Քարի տակ» կոչուող վայրը եւ դիմած փախուստի:

Նշուած վայրը կատարուած զննութեամբ՝ առուին մէջ յայտնաբերուած է որսը։ «Հայանտառ» ՊՈԱԿ մասնաճիւղի տնօրէնը յայտնած է, որ բեզոարեան այծը որսացած է «Հայանտառ» ՊՈԱԿ անտառապահներէն մէկը:

Տնօրէնը եւ անտառապահը բերման ենթարկուած են ոստիկանութեան Եղեգնաձորի բաժին:

Դէպքի արթիւ յարուցուած է քրէական գործ, ապօրինի որսի յատկանիշներով։ «Հայանտառ» ՊՈԱԿ մասնաճիւղի տնօրէնը ձերբակալուած է:

Կը կատարուի նախաքննութիւն։