Հրակ Գարագաշեանի կարծիքով «Ամոնիոմ նիթրաթ» նիւթը այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ առանց արտաքին միջամտութեան ալ պայթիլ եւ աղէտ ստեղծել։
Պատասխանելով Սագօ Արեանի հարցումներուն երիտասարդ բնագէտը նաեւ այն կարծիքը յայտնեց, որ Պէյրութի աղէտը անպայման ռազմական հարուածի մը հետեւանքով չէ, իսկ պայթումին պատճառ հանդիսացած «Ամոնիոմ նիթրաթ»ը այնպիսի նիւթի մը կը վերածուի, որուն եղանակի, կամ նոյնիսկ վատ պահեստաւորման պայմանները նիւթը կը վերածեն պայթուցիկ ականի։
Ան նաեւ նշեց, որ աշխարհի վրայ նոյն այս նիւթին հետեւանքով բազմաթիւ պայթումներ գրանցուած են, յոյս յայտնելով, որ մասնաւորապէս Պէյրութի մէջ եղած պայթումը դաս մը կ՚ըլլայ ամբողջ մարդկութեան համար։
Հրակ Գարագաշեանի հետ «Արեւելք»ի ունեցած զրոյցը՝ տեսանիւթով։