image

Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի անձնակազմը մասնակցած է CPR վարժութեան դասընթացքին

Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի անձնակազմը մասնակցած է CPR  վարժութեան դասընթացքին

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը դպրոցական համայնքի ապահովութեան ամրապնդման ուղղութեամբ իր ջանքերու ծիրէն ներս, օրերս կազմակերպուած է CPR-ի վարժութեան դասընթացք մը՝ Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամներու համար։

 

 Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատւութիւնը։

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ՝ Նոյեմբեր 4-ին կազմակերպուած CPR-ի դասընթացքը կարեւոր քայլ մըն էր դպրոցական համայնքի ապահովութեան ամրապնդման ուղղութեամբ: Դասընթացքին մասնակցեցան դպրոցի բոլոր բաժանմունքներէն ուսուցիչներ եւ վարչական անձնակազմի անդամներ:

CPR-ի հիմնական գիտելիքները կենսական նշանակութիւն ունին դպրոցական միջավայրի մէջ, ուր անսպասելի արտակարգ իրավիճակներ կրնան պատահիլ: Այս հմտութիւնները կը զինեն անձնակազմը՝ արագ եւ հմտօրէն արձագանգելու սրտի գործունէութեան հետ կապուած դժուարութիւններու կամ շնչահեղձութեան պարագաներուն: Անոնք կրնան փրկարար դեր խաղալ ոչ միայն դպրոցի սահմաններէն ներս, այլեւ դպրոցէն դուրս՝ ընտանիքի, ընկերներու եւ անծանօթներու կեանքը փրկելով:

Նման պատրաստումները կը բարձրացնեն դպրոցի ապահովութեան մակարդակը եւ կ՚ամրապնդեն համայնքին վստահութիւնը մեր կրթական հաստատութեան հանդէպ: