Պատերազմական իրավիճակով պայմանաւորուած` օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած է համայնքի ընկերային, բարեսիրական եւ առողջապահական ոլորտի պատասխանատուներու համատեղ ժողով մը։
Ժողովին նախագահած է Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Բագրատունին։
Ստորեւ «Ազդակ»ի մէջ այդ ժողովին մասին տրուած լրատւութիւնը։
Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու լայն հանդիպում:
Հերթական այս հանդիպումները կը միտին Լիբանանի եւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ի տես համապատասխան քննարկում կատարել, աշխատանքներուն տեղեկանալ, ներդաշնակում կատարել եւ համագործակցութիւն զարգացնել:
Ժողովի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի գնահատեց այն աշխատանքները, որոնք ցարդ կատարուած են եւ կը շարունակուին կատարուիլ, պատերազմի ընթացքին գաղթական դարձած լիբանանցիներու օժանդակութեան եւ ներկայ փուլին նաեւ հայ համայնքի օրէ օր բարձրացող կարիքները թեթեւցնելու առնչութեամբ:
Ներկայ ժողովականները ներկայացուցին իրենց կառոյցներու ցարդ տարած աշխատանքները եւ յառաջիկայի ծրագիրները:
Կարեւորութեամբ քննարկուեցան յառաջիկայ փուլին հայ համայնքի զաւակներուն դիմագրաւելիք դժուարութիւնները` կրթական, բժշկական, հոգեբանական, առողջապահական եւ կենցաղային մակարդակներուն վրայ ինչպէս նաեւ զանոնք թեթեւցնելու քայլերը:
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ բազմապատկել ճիգերը` դիմագրաւելու համար հաւանական կամ անակնկալ որեւէ զարգացումի հետեւանքները, յատկապէս մեր հայրենակիցներուն կապակցութեամբ:
Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիքանեան, Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան ատենապետ Արամ Մալեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայող Անի Գալուստ, Հայ աւետարանական համայնքէն Լենա Տանաօղլեան եւ «Ճինիշեան» հաստատութեան ընկերային ծառայող Անի Ազնաւուրեան: