image

Կարեւոր անուններու բացայայտում Պոլսոյ մէջ. Հրապարակուած են Տինքի սպաննութեան օրը դէպքի վայրին մերձ եղող սպաներու անունները

Կարեւոր անուններու բացայայտում Պոլսոյ մէջ. Հրապարակուած են Տինքի սպաննութեան օրը դէպքի վայրին մերձ եղող սպաներու անունները

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս»-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութենէն շուրջ 10 տարի անց, թրքական դատարանը պարզած ու յայտարարած է  ոստիկանութեան  այն 6 սպաներու անունները, որոնք Տինքի սպանութեան օրը գտնուած են «Ակօս»-ի խմբագրատան շրջակայքը եւ հետեւած են Տինքին սպանած Օկիւն Սամասթին:

 

Ինչպէս կը գրէ «Ակօս»-ը, Պոլսոյ առանձնակի ծանր յանցագործութիւններու թիւ 14 դատարանը երէկ հրապարակած է անոնց անունները, անոնք են՝  ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի սպաներ Էմրէ Ճինկիոզը, Հաճը Շէֆիք Շիմշէքը, Ալի Պարըշ Սեւինտիքը, Էճեւիթ Էմիրը, Եաւուզ Քարաքայան եւ Պէքիր Եոքուշը:

 

Դեռ տարիներ առաջ փողոցի տեսահսկման համակարգի ձայնագրութիւններու ուսումնասիրութիւնը թոյլ տուած էր պարզել, որ Օկիւն Սամասթին հետեւած է 6 ոստիկան՝ քաղաքացիական հանդերձանքով: Սամասթին հետեւած են ինչպէս սպանութենէն առաջ, այնպէս ալ յետոյ:

 

Անցեալ տարի տեսաձայնագրութիւններն անյայտ ճանապարհով յայտնուած էին համացանցի մէջ եւ ցնցած թրքական մամուլը: Այդ ժամանակ այս վեց սպաները, որոնք փաստացի արդէն կը մեղադրուէին Տինքի սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն ըլլալու համար, կասկածուեցան նաեւ 15 յուլիսի հեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի կազմակերպութեան հետ կապերու եւ յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու համար: