Օրերս Պոլսոյ մէջ տօնախմբուած է մեր եկեղեցւոյ սիրելի Սուրբերէն Սուրբ Յակոբ Մծբնեցիի տօնը։
Տօնակատարութիւնը եղած է Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարան- երդիքին ներքոյ։
Ստորեւ ատոր մասին եղած լրատւութիւնը։
Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնախմբութիւնը, Ստանպուլի Հայ Կաթողիկէ համայնքի կարեւորագոյն տօնակատարութիւններէն է, որ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի նորակոչ Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի նախագահած եւ Ս. Պատարագ մատուցած արարողութեան, օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախկին առաջնորդ Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ինչպէս նաեւ համայնքի հոգեւորականաց դասու անդամները։ Այս առիթով վերաբերուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր աջը, որ կը պահուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։
Տ. Յարութիւն Վրդ., ընկերակցութեամբ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեանի, Բրկ. Սարգիս Կսրկ. Տէմիրճիի եւ Բրկ. Արդար Կսրկ. Պաղճըի եւ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ մասունքը վերաբերեց եկեղեցի եւ դրաւ յատկապէս պատրաստուած սեղանին վրայ։
Ս. Գիրքի ընթերցումէն յետոյ, քարոզեց Գերապայծառ Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարեհաճ արտօնութեան համար, ինչպէս նաեւ Հայր Սուրբին եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն իրենց պատրաստակամութեան եւ աղօթակցութեան համար։ Անցեալ տարի հաստատուած աւանդութիւնը կը շարունակուէր եւ այս շարունակականութիւնը հոգեւոր ուրախութիւն կը պատճառէր նաեւ Ս. Յակոբի տօնակատարութեան մասնակիցներուն։
Ս. Պատարագի աւարտին Գերապայծառ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ., Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս եւ Յարութիւն Վրդ. կատարեցին բարեխօսական կարգը։ Ապա ներկաներ երկիւղով մօտեցան Ս. Յակոբի մասունքին եւ օրհնութիւն ստացան։
Նոյն առթիւ, Տ. Յարութիւն Վրդ. փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները։