image

Ուքրանիան կարեւոր որոշումներու ընդառաջ է. Պլինքըն

Ուքրանիան կարեւոր որոշումներու ընդառաջ է. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ Ուքրանիան պէտք է «հիմնարար որոշումներ» կայացնէ հետագայ հակամարտութեան վերաբերեալ՝ շարունակել ռազմական գործողութիւնները կամ սկսիլ բանակցիլ Ռուսիոյ հետ։ 

«Ուքրանացիները պէտք է հիմնարար որոշումներ կայացնեն՝ պայքարը շարունակելու կամ բանակցելու ուղիներ գտնելու եւ հրադադարի հասնելու համար: Հիմնարար հարցն այն է, թէ արդեօք Ռուսիան պատրաստ է այդ ընելու, եւ այդ ընելու բարեխղճօրէն», -ըսած է Պլինքըն:

Ան խոստացած է, որ Ուաշինկթընը պիտի ընէ հնարաւոր ամէն ինչ, որ Քիեւը լաւագոյն դիրքի վրայ գտնուի 2025 թուականին կայուն համաձայնութեան հասնելու համար։ Ատոր համար, անոր խօսքով, անհրաժեշտ է զօրացնել Ուքրանիոյ ռազմական դիրքերը, անոր տրամադրել ֆինանսներ, զինամթերք եւ աջակցութիւն։