Կառավարութիւնը իր այսօրուան` Յունիս 23-ի նիստին որոշեց վերաբաշխում ընել 2022-ի պիւտճէին մէջ եւ ԱԱԾ-ին գումար յատկացնել:
Նախագծով կը նախատեսուի ՀՀ ԱԱԾ բնականոն գործունէութեան իրականացման նպատակով ծառայութեան 2022 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած ՀՀ կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն յատկացնել 975,686.3 հազար դրամ:
Որոշման հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ հետախուզութեան, հակահետախուզութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութիւններով տեսանելի եւ գոհացուցիչ արդիւնքներու հասնելու համար գերակայ խնդիր է ազգային անվտանգութեան մարմինները տեխնիկապէս վերազինելը, որակեալ նոր դէմքերով, անհրաժեշտ մասնագէտներով համալրելը: