Պաղեստինցի փախստականներու թիւը երկրի մէջ եւ այլ երկիրներու մէջ կը գերազանցէ 7 միլիոնը։ Այս մասին ըսուած է Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի ելոյթին մէջ՝ արաբա-իսրայէլեան առաջին պատերազմին արաբական կողմի պարտութեան յիշատակի օրը։
«Այն, ինչ իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերը կ՚ընեն արդէն 19 ամիս ամբողջ աշխարհի աչքի առաջ, ցեղասպանութեան յանցագործութիւններն են, աւերածութիւններն ու սովի օգտագործումը Կազայի հատուածէն մեր ժողովուրդը դուրս մղելու նպատակով»,-ըսած է ան:
«Պաղեստինցի փախստականներու թիւը Պաղեստինի մէջ, հարեւան երկիրներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ կը կազմէ աւելի քան 7 միլիոն»,-նշած է Ապպասը։