Հերմոն լերան դիրքերուն մօտ կանգնելով (Ճապալ ալ-շայխի մէջ), օրեր առաջ ՝22 փետրուարին, Նաթանիահուի յայտարարութիւններ կատարելով եւ «Հըզպալլա»ին յղած ուղերձէն ետք, որ Իսրայէլը պիտի վերականգնէ անվտանգութիւնը հիւսիսի մէջ, իսրայէլեան լրատուամիջոցները հարց կու տան, թէ ինչպէս պիտի վարուի կառավարութիւնը, եթէ բնակիչները շուտով չվերադառնան իրենց բնակավայրեր։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը» Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»։
Հերմոն լերան վրայ իսրայէլեան բանակի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ Նաթանիահուն յայտարարած էր. «Մենք հիւսիսի մէջ ունինք մէկ պարզ նպատակ, որն է՝ վերադարձնել բնակչութիւնը. այս նպատակին հասնելու համար մենք պէտք է վերականգնենք ապահովութեան զգացումը, անվտանգութիւնը, եւ մենք ատոր պիտի հասնինք», աւելցնելով, որ Իսրայէլը այս հարցով զիջումներու պիտի չերթայ հիւսիսի մէջ, «եւ այդ պիտի իրականցուի կամ ռազմական ճանապարհով, եթէ ստիպուած ըլլանք, եւ կամ քաղաքական ճանապարհով, եթէ հնարաւոր է»։
Իսրայէլի 13-րդ ալիքի ռազմական հարցերով փորձագէտ Աուր Հելլերը մեկնաբանած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի այս յայտարարութիւնը, ըսելով, որ «պատգամն այն է, որ մենք ամէն օր կը փորձենք վիրաբուժական միջոցներով (ինչպիսիք են՝ օդուժի յարձակումները եւ սպանութիւնները) ետ մղել «Հըզպալլա»ի մարտիկները դէպի հիւսիս»:
Փորձագէտը աւելցուցած է. «Մենք կը փորձենք ե՛ւ այս մեթոտը ե՛ւ քաղաքական մեթոտը», յիշեցնելով, որ «հիւսիսի բնակիչներու տեղահանումէն անցած է աւելի քան չորս ամիս, եւ անոնց վերադարձը աւելի հեռու կը թուի, քան հարաւի մէջ բնակիչներու վերադարձը»:
Հելլեր նաեւ կը հարցադրէ. «Իսկ եթէ ներկայիս ջանքերը չյաջողին վերադարձնել բնակիչները, «Հըզպալլա»ի անդամները պիտի հեռացուի՞ն վիրահատական ճանապարհով, թէ՞ ամերիկացի միջնորդ Հոքսթայնին լրացուցիչ հնարաւորութիւններ պիտի տրուի՞ն»:
Միւս կողմէ, Հիւսիսի պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները կ՚արտացոլեն վերաբնակիչներու ապրած հիասթափութիւնը. Ինչպէս որ «Haaretz» թերթին ըսած է Վերին Կալիլիայի (Ալ-Ճալիլ) խորհուրդի ղեկավար Կիորա Զալցը, թէ «Իսրայէլի կառավարութիւնը մեզի հետ չէ այս պատերազմին մէջ», եւ աւելցուցած. «Մեր կրթական հաստատութիւններէն շատերը անպաշտպան են, բայց մինչեւ այս պահը կառավարութիւնը չի միջամտեր եղելութեանց, եւ որոշում կայացնելու լիազօրութիւն ունեցողներէն ոչ մէկը մեզի հետ կապի մէջ է, եւ մենք այսօր պարզապէս չունինք մէկը, որ կրնայ, գիտէ եւ իրաւասու է կարգաւորել մեր խնդիրները»:
Իր հերթին, Ալ-Մանարա բնակավայրի անվտանգութեան համակարգող Շիմոն Պեն Կիտան նոյն աղբիւրին ըսած է, որ «բնակավայրի տուներու կէսէն աւելին վնասուած է պատերազմի ժամանակ», նշելով, որ «բնակավայրի ամբողջ հարաւային հատուածը ճանչցուած է որպէս փակ ռազմական գօտի, քանի որ ան ենթակայ է կրակոցներու»։
Ան շարունակած է. «Մենք չենք կրնար այստեղ նոյնիսկ մասնագէտներ բերել՝ ելեկտրագէտներ, բանուորներ եւ այլն: Երբ հրդեհ բռնկեցաւ, մենք այն յանգեցուցինք, քանի որ իսրայէլեան բանակը պնդեց որ այդ իր պարտականութիւնը չէ, իսկ հրշէջները չուզեցին գալ, վախնալով ռմբակոծուելէ»:
Պեն Կիտան եզրափակելով, խոստովանած է. ««Ղիլաֆ Կազա» («Օթեֆ Ազա») բնակավայրերուն մէջ տեղի ունեցածին պատճառով այժմ բանակի հանդէպ վստահութեան խոր ճգնաժամ կայ: «Հըզպալլա»ն «Համաս»ը չէ, ինչը կը նշանակէ, որ հարցը այստեղ կրնայ աւարտիլ աւելի մեծ աղէտով, քան հոկտեմբեր 7-ն է»: