image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 5 Քիլոմեթրի Իսրայէլեան Առաջադրանքը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 5 Քիլոմեթրի Իսրայէլեան Առաջադրանքը

5 քիլոմեթրի ձեւաւորման համար պէտք է հարթեցնել բնակավայրերը, կանխարգիլել բնակիչներու վերադարձը եւ իսրայէլեան ուժերու ներխուժումով սահմանագծել անվտանգութեան գօտին: Այս ծրագիրով կը բացատրուին հարաւային Լիբանանի ցամաքային յարձակումները: Այնտեղ մարտերը ունին այլ փիլիսոփայութիւն եւ չեն բաւարարուիր թիրախայինով, Հըզպալլայի պատասխանատուներու կամ կեդրոններու չէզոքացումներով:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնը յաւելեալ քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ: Ժամկէտի այս հրապարակումը, վերը նշուած հանգամանքները եթէ ընդունինք, կը նշանակէ, որ առաջադրուած 5 քիլոմեթրի համահարթեցումը տակաւին քանի մը շաբաթ կը պահանջէ: Այդ տրամաբանութեամբ ալ 5 քիլոմեթր խորանալէ ետք է միայն, որ հրադադարի շուրջ խօսակցութիւնները կը սկսին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական յայտարարութիւնները, առ այն, որ իսրայէլեան յարձակումները արդարացուած են Հըզպալլայի դէմ, բայց Ուաշինկթընը չ՛ուզեր, որ ամբողջ գիւղերու եւ քաղաքներու քանդումներ իրականանան, կը բնորոշէ ընդհանուր շրջածիրը պատերազմական գործողութիւններու:

Ուաշինկթընի յորդորին առաջին մասը Իսրայէլ կ՛իրականացնէ անխնայ: Յորդորին երկրորդ բաժինը սակայն կ՛անտեսուի: Նոյն անխնայնութեամբ կը հարթեցուին գիւղեր, քաղաքներ, թաղեր:

Այս ելակէտով ալ կը հետեւցուի, որ Ուաշինկթընի հրապարակած յորդորը կամ կոչը պարտադրողական չէ: Միացեալ Նահանգները յայտնաբար համաձայնութիւն տուած են, որ հարաւի մէջ համահարթեցուի որոշ տարածք:

Այդ որոշ տարածքը եթէ փորձենք աշխարհագրականօրէն ընկալել, ապա պիտի մտաբերենք 5 քիլոմեթրի առաջադրանքը, որ Թել Աւիւի կողմէ կը թիրախաւորուի: Այդ գօտիին համար ալ Իսրայէլ կը հակադրուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն:

5 քիլոմեթրին համար է, որ ոչ միայն բնակավայրերու համահարթեցումներ կը կատարուին, այլ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ը կը հարուածուի տարբեր առիթներով:

5 քիլոմեթրին համար ՖԻՆԻՒԼ-էն կը պահանջուի զօրքերու նահանջ: ՖԻՆԻՒԼ-ը կը հակադարձէ` ըսելով, որ մտադիր չեն ուժերը տեղաշարժել: Յարձակումը կը կրկնուի միջազգային ուժերուն դէմ:

Փորձենք հետեւիլ դէպքերու յաջորդականութեան: ՖԻՆԻՒԼ կը յայտարարէ, որ խաղաղապահ առաքելութենէն պէտք է նախապատրաստուիլ անցնելու ինքնապաշտպանութեան գործառոյթի: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իր դիրքերը պատրաստ չէ զիջելու Իսրայէլին:

Հիմա դարձեալ վերադառնանք Միացեալ Նահանգներու յայտարարութեան: Յայտնապէս Միացեալ Նահանգներ սատար չեն կանգնիր ՄԱԿ-ի ուժերուն: Իրենց յորդորներուն մէջ ՄԱԿ-ը չի յիշուիր եւ չի պահանջուիր Իսրայէլէն չհարուածել կամ ՄԱԿ-ի ուժերու նահանջ չպահանջել: Միջազգային որոշումները, կոչերը, որոնք արդէն օդին մէջ մնացած ըլլալու փաստը կ՛արձանագրեն, այս պարագային նաեւ գետնի վրայ կը հարուածուին եւ համարժէք զօրակցութեան կամ ազդարարութիւններու չեն արժանանար:

Հակամարտութիւնը նոր ուղղութիւն կը ներառէ: Իսրայէլ-Հըզպալլա մարտերուն կ՛աւելնայ Իսրայէլ-ՄԱԿ-ի ուժեր հակադրութիւնը:

Այս բոլորը կը նախապատրաստուէին նաեւ դիւանագիտական մակարդակի վրայ, երբ Իսրայէլ կը պահանջէր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականը եւ աւելի ուշ զինք կը նկատէր անցանկալի անձնաւորութիւն: Հիմա դիւանագիտականէն զինուորական հարթութիւն անցում կը կատարուի:

Իսրայէլի պահանջը ուղղուած է թէ՛ Հըզպալլային եւ թէ՛ ՖԻՆԻՒԼ-ին: Երկու միաւորներուն ուժերը նահանջել: Հըզպալլան 10 քիլոմեթր հեռանայ, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ը` 5: Արդիւնքը, ներկայ պայմաններուն մէջ ՄԱԿ-ի եւ Հըզպալլայի միաժամանակեայ թիրախաւորումն է, այլ խօսքով` այդ երկուքին նոյն խրամատաւորումը կամ իսրայէլեան հայեցակէտով 5 քիլոմեթրի առաջադրանքի առարկայացումը:

Իտալիոյ վարչապետին այցելութիւնը Պէյրութ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործադրուող յարձակումներուն եւ անոր նահանջը արգելակելու սկզբունքին հետ կապուած է սերտօրէն: Իտալիան ստանձնած է հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ուժերու հրամանատարութիւնը:

Բնակավայրերու համահարթեցումը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դիրքերու պահպանման կամ լիբանանեան բանակի տեղակայման հետ կապ չունի: Ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

«Ա.»