Աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ, աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի գաւաթակիր Իսրայէլ Յակոբկոխեանն ազատ արձակուած է, անոր ձերբակալման որոշումը ճանչցուած է ոչ իրաւաչափ: Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Գոռ Սաղոյեանը` աւելցնելով, որ Յակոբկոխեանը ազատութեան մէջ է:
Յիշեցնենք, որ 28 յունուարին քաղաքացիները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ բողոքի արշաւ իրականացուցած էին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Կառավարութեան շէնքի մօտ ուր բախումներ տեղի ունեցած էին ոստիկանութեան ու քաղաքացիներու միջեւ, խումբ մը անձինք փորձած են մուտք գործել շէնք։
Այս դէպքէն ետք երկու տասնեակէ աւելի քաղաքացի բերման ենթարկուած է, որոնց շարքին՝ Արագած Ախոյեանը, Արշակ Զաքարեանը, Իսրայէլ Յակոբկոխեանը, Տիգրան Չոպանեանը եւ Վահագն Չախալեանը։ Անոնք ձերբակալուած են, եւ անոնց շէնք-շինութիւն զաւթելու փորձ կատարելու մեղադրանք առաջադրուած է:
Ձերբակալուած 5 անձինք այս պահուն ազատ արձակուած են:
Լուրը՝ NEWS.am-էն