Իսրայէլի խորհրդարանի մէջ (Քնէսէթ) Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծի քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ խորհրդարանական ու նախագահական արտահերթ ընտրութիւններէն ետք:
«Վարչապետ Բենիամին Նաթանյահուն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկումը յետաձգելու մասին արտգործնախարարութեան առաջարկը՝ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի մէջ նման քննարկում կազմակերպելը, իսկապէս, կրնայ լրացուցիչ առավելութիւն տալ Էրտողանին Թուրքիոյ մէջ սպասուող ընտրութիւններուն»,- ըսուած է պաշտօնական յայտարարութեան մէջ: