image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ բացատրութիւն տուած է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը օրակարգէն հանելու մասին

Իսրայէլ  բացատրութիւն տուած է Ցեղասպանութեան  ճանաչման   հարցը օրակարգէն   հանելու     մասին

Իսրայէլի խորհրդարանի մէջ (Քնէսէթ) Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծի քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ խորհրդարանական ու նախագահական արտահերթ ընտրութիւններէն ետք:

 

«Վարչապետ Բենիամին Նաթանյահուն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկումը յետաձգելու մասին արտգործնախարարութեան առաջարկը՝ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի մէջ նման քննարկում կազմակերպելը, իսկապէս, կրնայ լրացուցիչ առավելութիւն տալ Էրտողանին Թուրքիոյ մէջ սպասուող ընտրութիւններուն»,- ըսուած է պաշտօնական յայտարարութեան մէջ: