image
Հրատապ լուրեր:

ISIS Սկսաւ Թուրքիան Հարուածե՞լ

ISIS   Սկսաւ  Թուրքիան Հարուածե՞լ

Թուրքիա-  Քիչ  առաջ           ահաբեկչական մեծ պայթում մը  ցնցած է Սուրուճ աւանը:  Սուրիացի գաղթականներով բնակեցուած այդ շրջանին մէջ առաջին անգամն է, որ  այս տարողութեամբ պայթում մը կը գրանցուի: Ըստ  նախնական տուեալներու   զոհերուն թիւը  անցած է   27- իսկ վիրաւորեալներունը ՝ 100 :    Պայթումին  մասին       նախնական   տուեալներ հաղորդելէ ետք թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը  յայտնած է, թէ պայթումը  կատարուած է  ISIS-ի  զինեալներուն կողմէ:    «Անատոլու» այս տեղեկութիւնները ստացած է թուրք  երկու  բարձրաստիճան  սպաներէ, որոնք  մերժած են  իրենց անունը տալ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումը տեղի ունեցած է  Սուրիոյ Քոպանի  աւան     օժանդակութիւններ    հաւաքագրելու    համար եղած    ժողովի  մը մօտակայքը: Նշենք, որ    ISIS մինչեւ այս ժամը    ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած է:      Դէպքը   անկիւնադարձային   կրնայ համարուիլ տրուած  ըլլալով, որ   Սուրիոյ պատերազմին երկրորդ  կէսերէն սկսեալ  երեւան եկած  ISIS   թուրքիոյ մէջ ոչ  մէկ  գործողութիւն  կատարած է:    Կը մնայ հարց տալ,  արդեօ՞ք    ISIS     սկսած է ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել Թուրքիայէն ներս: