«Քաղաքացիական պայմանագիր»էն դուրս ելած ԱԺ պատգամաւորներ Յովիկ Աղազարեանն ու Յակոբ Ասլանեանը չեն պատրաստուիր ձայն տալ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Մասիսի համայնքապետ Դաւիթ Համբարձումեանին: Այս մասին Աղազարեան ըսած է 24News-ի հետ զրոյցին:
«Մենք մեր առաջարկութիւնն արել ենք եւ մենք նոյնպէս սպասում ենք այս գործընթացի տրամաբանական աւարտին: Հետեւաբար, քանի որ մենք բազմիցս յայտարարել ենք՝ չենք միանալու «Հանրապետական» կուսակցութեանը կամ «Հայաստան» դաշինքի որեւէ թեկնածուին»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Աղազարեանն ու Ասլանեանը կը ցանկան, որ Փաշինեանին անվստահութիւն տալու յայտարարելու գործընթացին վարչապետի թեկնածու դառնայ Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան, սակայն «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը մերժած էր այդ առաջարկը նշելով, որ չի պատրաստուիր «Նիկոլ Փաշինեանը փոխարինել Նիկոլ Փաշինեան-2-ով»: