Ուքրանիոյ պէտք չեն իր քաղաքացիները՝ ո՛չ ողջ, ո՛չ մահացած։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ մեկնաբանելով Քիեւի հրաժարիլը զինուորներու մարմիններն ընդունելէ:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ պայմանաւորուածութիւններն ուժի մէջ պիտի մտնեն 7 յունիսին: Ռուսիոյ պաշտպանութեան հաղորդակցութեան խումբը ժամանած է սահման՝ բերելով աւելի քան 1200 մարմին, սակայն Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները փոխանակման չեն ներկայացած։ Ուքրանական կողմի հետ բանակցութիւններուն ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքիի խօսքով՝ այսօր՝ Հոգեգալստեան ծնողական շաբաթ օր, Ուքրանիան պէտք էր ընդունել իր ինկածները:
Զախարովա նշած է, որ աշխարհին մէջ չկայ այնպիսի ժողովուրդ կամ ազգ, որ հրաժարի հողին յանձնելէ իր զինուորները:
«Բայց կայ Քիեւի ռեժիմ, որ մարդատեաց գաղափարախօսութիւն կը դաւանէ եւ ցեղասպանութիւն կ'իրականացնէ սեփական ժողովուրդին նկատմամբ»,- յայտարարած է ան:
Յիշեցնենք, որ Իսթամպուլի մէջ կայացած բանակցութիւններուն Ռուսիա ու Ուքրանիա պայմանաւորուած են գերիներու փոխանակման եւ զոհուած զինուորականներու մարմինները Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն յանձնելու մասին, սակայն ենթադրեալ փոխանակման վայր ժամանած է միայն ռուսական կողմը:
Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունեցած է 2 յունիսին Թուրքիոյ մէջ: Հանդիպումը տեւած է աւելի քան մէկ ժամ, կողմերը հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ յուշագիրներ փոխանակած են։
Ինչպէս բանակցութիւններէն յետոյ յայտնած է ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին, Ռուսիան ու Ուքրանիան պայմանաւորուած են գերիներու լայնածաւալ փոխանակման մասին: Փոխանակման առաւելագոյն շեմը կը կազմէ առնուազն 1000 մարդ: Ռուսական կողմը նաեւ յայտարարած է, որ միակողմանիօրէն Ուքրանիոյ պիտի փոխանցէ 6 հազար զոհուածներու մարմիններ: