Թուրքիա- Քիչ առաջ ահաբեկչական մեծ պայթում մը ցնցած է Սուրուճ աւանը: Սուրիացի գաղթականներով բնակեցուած այդ շրջանին մէջ առաջին անգամն է, որ այս տարողութեամբ պայթում մը կը գրանցուի: Ըստ նախնական տուեալներու զոհերուն թիւը անցած է 27- իսկ վիրաւորեալներունը ՝ 100 : Պայթումին մասին նախնական տուեալներ հաղորդելէ ետք թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, թէ պայթումը կատարուած է ISIS-ի զինեալներուն կողմէ: «Անատոլու» այս տեղեկութիւնները ստացած է թուրք երկու բարձրաստիճան սպաներէ, որոնք մերժած են իրենց անունը տալ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումը տեղի ունեցած է Սուրիոյ Քոպանի աւան օժանդակութիւններ հաւաքագրելու համար եղած ժողովի մը մօտակայքը: Նշենք, որ ISIS մինչեւ այս ժամը ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած է: Դէպքը անկիւնադարձային կրնայ համարուիլ տրուած ըլլալով, որ Սուրիոյ պատերազմին երկրորդ կէսերէն սկսեալ երեւան եկած ISIS թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ գործողութիւն կատարած է: Կը մնայ հարց տալ, արդեօ՞ք ISIS սկսած է ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել Թուրքիայէն ներս: