image

Նիկոսիա ․ՀՅԴ անդամ, պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Նիկոսիա ․ՀՅԴ անդամ, պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Օրերս ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան Կիպրոս գտնուելուն առիթով այցելած է Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցած՝ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեանի հետ։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Կիպրոսի Թեմի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած տեղեկութիւնը՝

Հայաստանի Ա Հանրապետութեան հռչակման հանդիսութեան առթիւ, Կիպրոս կը գտնուի ՀՀ ազգային ժողովի՝ Հայաստան Դաշինքի Պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան։ Պրն Խաչատրեան Մայիս 31-ին տեղի ունեցած հանդիսութեան բանախօսն էր։ Ան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ՝ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ, Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեանի հետ։ Պրն Խաչատրեանին կ'ընկերակցէին երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ ՀՅԴ կոմիտէի անդամներ՝ Սիմոն Այնէճեան եւ Յարութ Տէր Պետրոսեան։