image

Թուրքիան ջանքեր պիտի գործադրէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բանակցութիւններու շարունակման ուղղութեամբ. Էրտողան

Թուրքիան ջանքեր պիտի գործադրէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բանակցութիւններու շարունակման ուղղութեամբ. Էրտողան

Անգարան ջանքեր պիտի գործադրէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու եւ հաղորդակցութեան ուղիները բաց պահելու համար՝ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը: Ռեճէպ Էրտողան աւելցուցած է՝ հիմնական նպատակը խաղաղութեան բանակցութիւններէն յստակ արդիւնք ստանալն է: 

«Ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով։ Հարկաւոր է բանակցիլ, ստեղծուած հնարաւորութիւնը կարելի չէ փախցնել»,- շեշտած է ան։

Էրտողան ընդգծած է՝ պատերազմն աւարտելու համար նախ զէնքերը պէտք է լռեն, եւ փոխարէնը խօսի դիւանագիտութիւնը: