Ֆրանսական ընկերութիւնները մտադիր են անօդաչու սարքերու արտադրութեան ձեռնարկել Ուքրանիոյ մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիըն Լեքորնիւն։
«Խօսքը աննախադէպ գործընկերութեան մասին է. ինքնաշարժներ արտադրող ֆրանսական խոշոր ընկերութիւնը պիտի սկսի համագործակցիլ պաշտպանական ոլորտին մէջ գործող ֆրանսական փոքր ձեռնարկութեան հետ։ Անոնց խնդիրը պիտի ըլլայ ստեղծել արտադրական հզօրութիւններ, որոնք թոյլ պիտի տան անօդաչու սարքեր արտադրելու Ուքրանիոյ մէջ»,-ըսած է ֆրանսացի նախարարը LCI հեռատեսիլային ալիքի եթերով։
Սեպասթիըն Լեքորնիւն չէ հրապարակած ընկերութիւններուն անունները եւ անօդաչու սարքերու տեսակները, որոնք կը նախատեսուին արտադրուիլ: Ան կը գտնէ, որ այս նախագիծի շնորհիւ ֆրանսական զինուորականները գործնական գիտելիքներ պիտի ստանան անօդաչու սարքերու կիրառման վերաբերեալ։