Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 15 յունիսին պիտի այցելէ Կրինլանտ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Կրինլանտի վարչապետ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսընի եւ Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսընի հետ:
Մաքրոնի աշխատակազմէն յայտնած են, որ բանակցութիւնները նուիրուած պիտի ըլլան Հիւսիսային Ատլանտեան ովկիանոսի եւ Բեւեռի անվտանգութեան հարցերուն, կլիմայի փոփոխութեան, ուժանիւթի փոխակերպման եւ կարեւորագոյն հանքային պաշարներուն: